Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրանեան Ռազմակայաններուն Օգտագործումը Ապահովութեան Խորհուրդի Որոշումի Խախտում Նկատելով` Ուաշինկթըն Կը Սպառնայ Սուրիոյ Մէջ Պատերազմը Երկարաձգել Մինչեւ Սուրիական Վարչակազմի Տապալումը

Օգոստոս 18, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Tu-22M3_81716

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր յայտարարեց, որ եթէ Ռուսիոյ կողմէ Իրանի ռազմակայաններուն օգտագործման լուրերը ճիշդ են, ապա «ատիկա կրնայ խախտում մը ըլլալ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 22311 բանաձեւին, որ կ՛արգիլէ առանց Ապահովութեան խորհուրդի հաւանութեան` Իրանին մարտական օդանաւերու վաճառքը կամ մատակարարումը»:

Ան ըսաւ, որ Ռուսիոյ այդ քայլը թէեւ ոչ անակնկալ, սակայն ցաւալի հարց է` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրին իր ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին մտահոգութիւն յայտնած է ռուսական ռմբաձիգներու իրանեան ռազմակայանէ մը թռիչք առնելնուն առնչութեամբ:

Թոնըր յայտնեց, որ Մոսկուայի հետ Սուրիոյ հարցին վերաբերեալ համաձայնութիւն չէ գոյացած:

Միացեալ Նահանգներու նախագահի` Ազգային ապահովութեան խորհուրդին մէջ յատուկ օգնական Ռոպըրթ Մալի իր կարգին յայտնեց, որ Ուաշինկթըն կը ձգտի Սուրիոյ հարցով Մոսկուայի հետ գործակցելու` աւելցնելով, որ եթէ երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութիւնը ձախողի, ապա իր երկիրը պիտի շարունակէ զէնք մատակարարել սուրիական ընդդիմութեան, թէեւ քաջ կը գիտակցի, թէ այդ քայլը պիտի երկարաձգէ զինեալ տագնապը:

«Ուաշինկթըն պատրաստ է ամէն բան ընելու, որպէսզի սուրիական վարչակազմը չյաջողի», ըսաւ ան:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ «Համատանի օդակայանը օգտագործելուն համար Ռուսիան միջազգային որոշումի խախտումի յանցանքով ամբաստանելը անհիմն է»` նշելով. «Ռուսական պատերազմական օդանաւերը Իրանէն թռիչք կ՛առնեն ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ծիրին մէջ»:

«Մենք կը քննարկենք ՄԱԿ-ի կողմէ Սուրիա-Թուրքիա սահմանի հսկողութեան որոշում մը», ըսաւ Լաւրով` նշելով. «Միացեալ Նահանգներ ընդունեցին, որ անկարող են Սուրիոյ մէջ չափաւորական ընդդիմութիւնն ու ահաբեկիչները իրարմէ անջատել»:

Մինչ այդ, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն Ապահովութեան խորհուրդին յղած իր վերջին հաշուետուութեան մէջ գրած է. «Հալէպի մէջ մենք կը դիմագրաւենք Սուրիոյ տագնապին պատճառով հինգ տարուան արիւնահեղութեան ու տառապանքներու ընթացքին աննախադէպ մարդասիրական աղէտի վտանգը»:

Ան Ռուսիան եւ Միացեալ Նահանգները յորդորած է շուտափոյթ համաձայնութեան հասնիլ Հալէպի եւ Սուրիոյ այլ շրջաններուն մէջ բախումներու դադրեցման շուրջ:

«Տարածքներու եւ հարստութեան համար մարտերը կ՛ընթանան բնակելի թաղամասերու դէմ անկանոն յարձակումներու միջոցով: Անոնց զոհ կը դառնան հարիւրաւոր խաղաղ քաղաքացիներ, ներառեալ` տասնեակ երեխաներ», յայտարարած է Քի Մուն` աւելցնելով. «Տագնապին կողմերէն ոչ մէկը կը կատարէ խաղաղ բնակչութեան պաշտպանութեան իր պարտաւորութիւնները»:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ «Սուխոյ» տիպի ռմբաձիգներ երէկ Իրանէն թռիչք առնելով ռմբակոծած ու քանդած են Սուրիոյ մէջ գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի հրամանատարական կեդրոններ:

Նախորդը

Թուրքիա Կը Հրաժարի Իսրայէլի Դէմ Դատական Հայցերէն

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են`  Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են` Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»

Յուլիս 12, 2025
Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը,  Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»
Միջազգային

Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը, Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»

Յուլիս 12, 2025
ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ  Խորհրդանշական Արարողութեամբ  Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել
Միջազգային

ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ Խորհրդանշական Արարողութեամբ Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?