Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան 48 երեսփոխաններ կը մեղադրուին 15 յուլիսի յեղաշրջումի փորձին համար մեղադրուող ամերիկաբնակ թուրք քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենի կազմակերպութեան հետ կապ ունենալու համար:
Օրաթերթը կը նշէ, որ կառավարութիւնը այս հարցին վերաբերեալ տակաւին պաշտօնական յայտարարութիւն չէ կատարած:
Կը նշուի, որ Անգարայի գլխաւոր դատախազութեան մէջ սկսած է այդ երեսփոխանները անձեռնմխելիութենէ զրկելու հոլովոյթը, որմէ ետք կարելի պիտի ըլլայ սկսիլ ձերբակալութիւններուն:
Ներկայիս Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան երեսփոխաններուն թիւը 317 է: