Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնեց. «Եւրոպա Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ յայտարարուած արտակարգ դրութիւններու կացութիւններուն վերաբերեալ կը կիրարկէ երկու չափ երկու կշիռ»:
«Թուրք ժողովուրդը Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ յայտարարուած արտակարգ դրութիւններուն վերաբերեալ եւրոպական կեցուածքները կը նկատէ երկակի չափանիշներու քաղաքականութեան օրինակ մը», ըսաւ թրքական դիւանագիտութեան պետը:
«Եթէ Եւրոպական Միութիւնը կ՛ուզէ միջազգային կարեւոր դերակատար մը ըլլալ, ապա պէտք է իր դռները լայն բանայ բոլորին դիմաց», ըսաւ ան: