Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Տը Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի. Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ Հարցով Ռուսիոյ «Վերջին Առաջարկ» Ներկայացուցած Են

September 9, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

lavrov-kerry_90816

Ամերիկեան ազդեցիկ «Տը Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը կը գրէ, որ Միացեալ Նահանգներ սուրիական տագնապի լուծման վերաբերեալ Ռուսիոյ «վերջին առաջարկ»-ը ներկայացուցած են:

Բարձրաստիճան աղբիւրի մը համաձայն, Ուաշինկթըն Մոսկուայէն պատասխան կ՛ակնկալէ յառաջիկայ օրերուն:

Օրաթերթը կը հաղորդէ, որ համաձայնութիւնը կ՛ենթադրէ ամբողջ Սուրիոյ տարածքին մէջ զինադուլի հաստատում, մարդասիրական միջանցքի ապահովում, սուրիական օդուժի թռիչքներու դադրեցում, ինչպէս նաեւ միացեալ ռուս-ամերիկեան օդային արշաւ ահաբեկիչներու դիրքերուն ուղղութեամբ:

«Տը Ուաշինկթըն Փոսթ» չի նշեր, թէ Ուաշինկթընի այլընտրանքային ծրագիրը ի՛նչ է, եթէ ռուս գործընկերներու հետ համաձայնութեան ձեռքբերումը ձախողի:

Միւս կողմէ, Սպիտակ տունէն ամերիկացի պաշտօնատար մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ տակաւին ռուսերուն հետ խոր տարակարծութիւններ գոյութիւն ունին: «Անոնց յստակ դարձուցինք մեր կեցուածքը եւ պիտի տեսնենք, եթէ յառաջիկայ օրերուն կրնանք Սուրիոյ շուրջ մօտալուտ համաձայնութիւն մը գոյացնել», ըսած է աղբիւրը:

«Եթէ չկրցանք մեր ուզած համաձայնութիւնը ձեռք բերել, այդ բանակցութիւններէն պիտի հեռանանք», նշած է ամերիկացի պաշտօնատարը:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ «Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչները ընդդիմութենէն անջատելու հարցը տակաւին Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ տարակարծութեան կարեւորագոյն կէտն է»` նշելով. «Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ Սուրիոյ շուրջ բազմաթիւ սպրդած տեղեկութիւններ կան, սակայն անոնք իրականութեան չեն համապատասխաներ»:

Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով իր կարգին նշեց. «Ամերիկայի հետ սուրիական տագնապին շուրջ տակաւին վերջնական համաձայնութիւն չէ գոյացած: Հարցը կարգ մը խնդիրներու շուրջ միջին լուծումներու կը կարօտի»:

Նախորդը

Թուրքիան Գերմանացի Երեսփոխաններուն Արտօնած Է Այցելել Ինճիրլիքի Ռազմակայան

Յաջորդը

Եգիպտոսի Դեսպանը Կոչ Ուղղեց Միջլիբանանեան Համերաշխութեան

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.