Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսիա Յայտնած Է, Թէ Որ Պարագային Պիտի Վերականգնէ Միացեալ Նահանգներու Հետ Հիւլէական Մարզին Մէջ Համագործակցութիւնը

October 10, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

rfm_00

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած է, որ Ռուսիան կրնայ հիւլէական եւ ուժանիւթի մարզերուն մէջ Միացեալ Նահանգներու հետ համագործակցութիւնը վերականգնել, եթէ Ուաշինկթըն յայտարարէ նախապէս ձեռք բերուած համաձայնագիրին բոլոր կէտերը գործադրելու իր պատրաստակամութիւնը:

Նախարարութիւնը նշած է, որ Մոսկուան ամերիկեան կողմին հետ համագործակցութիւնը դադրեցուցած է Ուաշինկթընի հաստատած սահմանափակումներուն պատճառով:

«2014-ին Ուաշինկթընէն ստացուած է յայտարարութիւն մը, թէ ամերիկեան կողմը Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցած քաղաքական զարգացումներուն պատճառով կը կասեցնէ նմանօրինակ համագործակցութիւնը Ռուսիոյ հետ», նշուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

Ռուսիոյ իշխանութիւնները աւելցուցած են, որ Միացեալ Նահանգներու այդպիսի կեցուածքը անկարելի դարձուցած է իրագործումը շարք մը հիւլէական եւ ուժանիւթային նախագիծերու, որոնցմով հետաքրքրուած եղած են թէ՛ Մոսկուան, թէ՛ Ուաշինկթընը:

«Ստեղծուած իրավիճակին մէջ ռուսական կողմը կը դադրեցնէ համաձայնագիրի կատարումը` ի պատասխան Միացեալ Նահանգներու ոչ բարեկամական գործողութիւններուն», նշած է նախարարութիւնը:

Աղբիւրը կ՛աւելցնէ, որ նախապէս համաձայնագիրի կասեցման մասին յայտարարած էր Ռուսիոյ կառավարութիւնը:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հրահանգած էր կասեցնել զինագործական փլութոնիոմի աւելցուկի վերամշակման մասին Միացեալ Նահանգներու հետ համաձայնագիրի գործողութիւնը:

Փաստաթուղթին համաձայն, այդ որոշումին պատճառը Մոսկուայի նկատմամբ Ուաշինկթընի «ոչ բարեկամական գործողութիւններուն պատճառով ռազմավարական կայունութեան վտանգին յառաջացումն է» եւ ընդունուած պարտաւորութիւններու կատարումը ապահովելու Միացեալ Նահանգներու անկարողութիւնը:

Այս տարուան ապրիլին Փութինը, Համառուսական ժողովրդային ճակատի համախմբումին ընթացքին խօսք արտասանելով` մեղադրած էր Միացեալ Նահանգները զինագործական փլութոնիոմի ոչնչացման կազմակերպման վերաբերեալ իր պարտաւորութիւնները չկատարելու յանցանքով:

Նախորդը

ՏԱՀԵՇ-ի Գրաւած Տարածքները Յունուար 2015-էն Ի Վեր Կրճատուած Են Աւելի Քան Մէկ Չորրորդով

Յաջորդը

Անգարայի Մէջ Երկու Ահաբեկիչներ Իրենք Զիրենք Պայթեցուցած Են

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.