
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Փենթակոնի մամլոյ բանբեր Փիթըր Քուք յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը պիտի շարունակէ անվտանգութեան միջոցներու ձեռնարկել Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ կողմէ «Էս-300» հակաօդային համակարգերու տեղակայման առնչութեամբ:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք ինք իբրեւ վտանգ կ՛ընկալէ՞ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Իկոր Քոնաշենքովի այն յայտարարութիւնը, թէ «Էս-300»-ի գործողութեան շառաւիղը կրնայ «անակնկալ դառնալ որեւէ չճանչցուած թռչող սարքի համար», Քուք ըսած է. «Մենք պիտի շարունակենք բոլոր քայլերը, որոնք անհրաժեշտ են, որպէսզի մեր անձնակազմերը գործեն կարելի եղածին չափ անվտանգ պայմաններու մէջ»:
Ան նաեւ նշած է, որ Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական խմբաւորումները չունին օդուժ, եւ թէ «որո՞ւն դէմ ուղղուած են «Էս-300»-ները» հարցումին պատասխան ստանալու համար խնդրած է դիմել ռուս զինուորականներուն:
Քոնաշենքով նախապէս յայտնած էր, որ ռուսական «Էս-300» հակաօդային համակարգեր Սուրիա ուղարկուած են` նշելով, որ խօսքը միայն պաշտպանական համակարգի մասին է, որ ոչ ոքի համար վտանգ կը ներկայացնէ:


