Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թրքական Ուժերը Հիւսիսային Իրաքի Մէջ Պահելը Կրնայ Շրջանային Պատերազմի Առաջնորդել» Ըսաւ Իրաքի Վարչապետը

October 6, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

abadi_10416

Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի զգուշացուց Թուրքիան, որ իր ուժերը հիւսիսային Իրաքի մէջ պահելը կրնայ «շրջանային պատերազմի» առաջնորդել:

Ապատի մեկնաբանեց Թուրքիոյ խորհրդարանի անցեալ շաբաթ որդեգրած որոշումը, որ յաւելեալ տարիով մը կ՛երկարաձգէ թրքական բանակին Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու դէմ զինուորական գործողութիւն կատարելու արտօնութիւնը` մտավախութիւն յայտնելով, որ «թրքական արկածախնդրութիւնը» վերածուի շրջանային պատերազմի:

Ան աւելցուց, որ թրքական ղեկավարութեան վարուելակերպը «անընդունելի է»` նշելով, որ ինք չ՛ուզեր Թուրքիոյ հետ զինուորական բախումի մէջ մտնել:

Նախքան այդ, Իրաքի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Մուսուլի ազատագրութեան վերաբերեալ թրքական յայտարարութիւններուն հարցով իր մօտ կանչեց Պաղտատի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը, ինչպէս նաեւ Անգարայի մէջ իր դեսպանը: Թրքական դիւանագիտական աղբիւրներ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ թրքական արտաքին գործոց նախարարութիւնը Անգարայի մէջ Իրաքի դեսպան Հիշամ Ալի Աքպար Իպրահիմ Ալլաուին իր մօտ կանչած է Իրաքի խորհրդարանին կողմէ Թուրքիոյ ամբաստանութիւններ ուղղող որոշումի մը որդեգրումին դէմ բողոքելու համար:

Իրաքի խորհրդարանը միաձայնութեամբ մերժած էր թրքական ուժերուն իրաքեան հողերուն վրայ ներկայութիւնը` պահանջելով Իրաքի դեսպանը տուն կանչել Անգարայէն եւ վտարել Իրաքի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը:

Խորհրդարանը մերժած էր թրքական ուժերուն Իրաքի մէջ կեցութեան երկարաձգման թրքական որոշումը եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` Մուսուլին վերաբերող յայտարարութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կոչ ուղղած էր` խզելու Թուրքիոյ հետ տնտեսական յարաբերութիւնները եւ դադրեցնելու իրաքեան քարիւղի թրքական հողերուն ճամբով արտածումը:

Յիշեցնենք, որ Իրաքի կառավարութիւնը դեկտեմբեր 2015-ին Թուրքիոյ 48 ժամուան պայմանաժամ ճշդած էր իր ուժերը Իրաքէն հեռացնելու` սպառնալով օգտագործելու իր տրամադրութեան տակ գտնուող բոլոր միջոցները, ներառեալ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին դիմելու ընտրանքը:

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի միջազգային դաշինքին մէջ Միացեալ Նահանգներու բանբեր գնդապետ Ճոն Տորիըն Իրաքի մէջ թուրք զինուորներու ներկայութիւնը նկատած է անօրինական:

«Իրաքի տարածքին գտնուող թրքական բանակը իրաքեան կառավարութեան արտօնութեամբ չէ եկած եւ անօրինական է», ըսած է Տորիըն: Ան յիշեցուցած է, որ միջազգային դաշինքի ծիրին մէջ միւս ուժերն ու երկիրները Իրաքի տարածքին մէջ կը գտնուին այդ երկրին արտօնութեամբ:

«Այս ուժերը ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մէջ ցամաքէն եւ օդէն պիտի աջակցին Իրաքի բանակին», ըսած է ամերիկացի գնդապետը:

Նախորդը

Իրանի Յեղափոխական Պահակագունդը Սէուտական Մարտանաւերը Կը Զգուշացնէ Իրանեան Ջուրերուն Մօտենալէ

Յաջորդը

«Սուրիոյ Տագնապը Կարելի Չէ Լուծել Առանց Ռուսիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Միջեւ Համաձայնութեան» Ըսաւ Շեֆըր

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.