Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թուրքիան Կա՛մ Քիւրտերուն Հետ Պիտի Մասնակցի Ռաքքայի Գործողութեան, Կա՛մ Դուրս Պիտի Մնայ Գործողութենէն» Կը Գրէ «Տը Ուաշինկթըն Թայմզ»

Նոյեմբեր 5, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ypg_110316

Ամերիկեան ազդեցիկ «Տը Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը անդրադարձած է Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած Միջազգային դաշինքին կողմէ սուրիական Ռաքքա քաղաքին մէջ սպասուող զինուորական գործողութեան եւ վերջինիս Թուրքիոյ հաւանական մասնակցութեան:

Օրաթերթին համաձայն, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հեռաձայնային վերջին հաղորդակցութեան ընթացքին Օպամա յայտնած է Էրտողանին, որ Սուրիոյ տարածքին մէջ գործող քրտական ուժերը պիտի մասնակցին Ռաքքայի գործողութեան:

Էրտողան նախապէս յայտարարած էր, որ Թուրքիան անպայման պիտի մասնակցի Ռաքքայի ազատագրման ուղղուած գործողութեան, սակայն` առանց քրտական ուժերու մասնակցութեան:

«Այսպիսով` Թուրքիան կա՛մ պիտի մասնակցի Ռաքքայի գործողութեան` քիւրտերուն հետ միասին, կա՛մ առհասարակ դուրս պիտի մնայ գործողութենէն», գրած է «Տը Ուաշինկթըն Փոսթ»:

Նախապէս Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Էշթըն Քարթըր յայտարարած էր, որ Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն Թուրքիոյ հետ բանակցութիւնները` Ռաքքան ՏԱՀԵՇ-էն ազատագրելու գործողութեան անոր հաւանական մասնակցութեան վերաբերեալ:

Միւս կողմէ, թրքական «Սապահ» օրաթերթի կայքը հաղորդեց, որ Թուրքիա եւ Միացեալ Նահանգները Սուրիոյ քիւրտերու Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած են:

Անոնք որոշած են թուրք-ամերիկեան միջկառավարական յանձնախումբի վերահսկողութեամբ քրտական ուժերը սուրիական Մընպեժ քաղաքէն հեռացնելու վերաբերեալ:

Քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիական ժողովրդավարական ուժերու ներկայացուցիչ Թալալ Սելոն ԱՖՓ-ին յայտնեց, որ քիւրտերը Միջազգային դաշինքին հետ Ռաքքայի ազատագրման գործողութեան թրքական բանակի մասնակցութեան շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած են: «Թուրքիոյ մասնակցութեան հարցը որոշուած է դաշինքին հետ: Թրքական մասնակցութիւն պիտի չըլլայ»:

Նախորդը

ԵԱՀԿ-ը Դատապարտած Է Մահապատիժը Վերականգնելու Մասին Էրտողանի Յայտարարութիւնները

Յաջորդը

«Թուրքիա Կ՛արգելակէ Ինճիրլիքի Մէջ Գերմանիոյ Կողմէ Կատարուելիք Շինարարական Աշխատանքները» Կը Գրէ «Տի Վելթ»

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը.   Թրամփի Եւ Ընի Միջեւ Ժողովի Գումարումը Ասիական Շրջապտոյտի «Օրակարգին Վրայ» Չէ
Միջազգային

Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը. Թրամփի Եւ Ընի Միջեւ Ժողովի Գումարումը Ասիական Շրջապտոյտի «Օրակարգին Վրայ» Չէ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?