
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յաւելեալ մէկ տարիով երկարաձգեց 1979-ին Իրանի դէմ հաստատուած ամերիկեան պատժամիջոցները:
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Սպիտակ տան կողմէ հրապարակուած նամակին մէջ կը նշուի. «Մեր յարաբերութիւնները Իրանի հետ տակաւին չեն վերադարձած բնական ընթացքին, ուստի` 14 նոյեմբեր 1979-ին հաստատուած պատժամիջոցներու դրութիւնը 14 նոյեմբեր 2016-էն ետք եւս պէտք է շարունակուի: Ես Իրանի դէմ պատժամիջոցներու դրութեան երկարաձգման մասին որոշում տուած եմ»:
Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տունը կը պատրաստուի նոյեմբերի երկրորդ կիսուն քննարկել Իրանի դէմ պատժամիջոցներու վերաբերեալ օրէնքի ժամկէտը երկարաձգելու հարցը:
Նշենք, որ 1979-ին Իրանի մէջ իսլամական յեղափոխութեան յաջորդած` Թեհրանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատուն ներխուժման եւ անոր անձնակազմը պատանդ բռնելու դէպքերէն ետք, Միացեալ Նահանգներ Իրանի դէմ տնտեսական պատժամիջոցներ հաստատած էին:


