
Իրաքի ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ուժերու հրամանատարը յայտարարեց, որ իր ուժերը մուտք գործած են Մուսուլ եւ ազատագրած շարք մը թաղամասեր:
Շիիներու Ժողովրդային զօրախումբի հրամանատար Ապու Մահտի Մուհանտես իր կարգին յայտարարեց, որ զօրախումբի ուժերը ապահոված են Պիժի-Քիարա ճամբուն անվտանգութիւնը եւ այժմ կը յառաջանան դէպի Մուսուլի արեւմուտքը գտնուող Թելաֆր` աւելցնելով, որ արեւմտեան ճակատի գործողութիւնները պիտի աւարտին երկու օրէն:
Ան ըսաւ, որ թրքական ուժերը ներկայ են Մուսուլի մէկ շրջանին մէջ եւ կը ջանան օժանդակել ՏԱՀԵՇ-ին: Մուհանտես թրքական ուժերուն կոչ ուղղեց հեռանալու Իրաքէն:
Ուաշինկթընի մէջ Միջազգային դաշինքի բանբեր Ճոն Տորիըն յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի ղեկավար Ապու Պաքր Պաղտատի իրաքեան ուժերուն Մուսուլի դարպասները հասնելէն ետք սկսած է կորսնցնել վերահսկողութիւնը իր զինեալներուն վրայ:
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Պորիս Ճոնսըն իր կարգին ըսաւ, որ արեւմտեան գաղտնի սպասարկութիւններուն կարծիքով` Պաղտատի քաղաքի ազատագրման գործողութեան շղթայազերծումէն առաջ հեռացած է քաղաքէն եւ համացանցը կ՛օգտագործէ մարդոց ճակատամարտին մասնակցութեան կոչ ուղղելու համար` աւելցնելով, որ ՏԱՀԵՇ կը քայքայուի:


