Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոլտովայի Նախագահ Ընտրուած Է Ընկերվարական Կուսակցութեան Ղեկավարը

November 15, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

dodon_111416

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ հետ Մոլտովայի մերձենալուն ի նպաստ արտայայտուող Մոլտովայի Հանրապետութեան ընկերվարական կուսակցութեան ղեկավար Իկոր Տոտոն երկրին նախագահական ընտրութեան մէջ յաղթանակ արձանագրած է:

Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբի նախնական տուեալներով` ան ստացած է քուէներուն 52,6 առ հարիւրը (834.700 ձայն): Անոր մրցակիցը` եւրոպամէտ ընդդիմութեան միասնական թեկնածուն` Գործողութեան եւ համերաշխութեան կուսակցութեան ղեկավար Մայա Սանտուն ապահոված է քուէներուն 47,3 առ հարիւրը (749.720 ձայն):

«Մենք յաղթանակ արձանագրեցինք: Ես կը շնորհաւորեմ Մայա Սանտուն ընտրութիւններուն մէջ արձանագրած արժանավայել արդիւնքին համար եւ կը հաւաստեմ, որ պիտի ըլլամ նախագահը թէ՛ ինծի քուէարկածներուն, թէ՛ ալ անոնց, որոնք դէմ եղած են», յայտարարած է Տոտոն մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին:

Ան ընդգծած է, որ նախագահի կարգավիճակին մէջ «առաջին այցելութիւնը պիտի կատարէ Մոսկուա, որպէսզի նախաձեռնէ Ռուսիոյ հետ ռազմավարական գործընկերութեան վերաբերեալ համաձայնագիրի մշակումին եւ ստորագրումին, որ կը նախատեսէ տնտեսական, ընկերային եւ քաղաքական համագործակցութիւն, միասնական մօտեցում մերձտնեսթրեան տագնապի լուծման հարցին մէջ, երաշխիքներ Ռուսիոյ մէջ գտնուող մոլտովացի աշխատանքային գաղթականներու համար»:

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Թուրքիոյ Մէջ Ձերբակալուած Ֆրանսացի Լրագրող Մը Արտաքսուած Է Երկրէն

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.