Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան. «Եւրոպային Կ՛ըսեմ. «Թուրք Ժողովուրդին Որոշումը Ձեր Ձեռքը Չէ»

November 15, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

erdogan_111416

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ այժմ խորհրդարանին մէջ կը մշակուի մահապատիժի վերաբերեալ օրինագիծը եւ եթէ անիկա վաւերացուի, ինք պիտի հաստատէ զայն:

«Եւրոպային կ՛ըսեմ, որ թուրք ժողովուրդին որոշումը ձեր ձեռքը չէ, այլ միայն ժողովուրդին ձեռքը, իսկ մահապատիժի մասին օրէնքը բազմաթիւ երկիրներու մէջ կը գործադրուի», նշեց ան:

Ան շեշտեց, որ «թուրք ժողովուրդը ի՛նք կ՛որոշէ մահապատիժը կիրարկել կամ ոչ, եւ Եւրոպան իրաւունք չունի մեր ժողովուրդին ճակատագիրը ճշդելու»` նշելով. «Եւրոպային կոչ կ՛ուղղեմ նախ իր խոստումները կատարելու, ապա մեր ճակատագրին մասին խօսելու»:

Չաւուշօղլու Եւրոպական Խորհրդարանի Նախագահը
Կը Մեղադրէ Երկերեսութեան Յանցանքով

Թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլցը մեղադրած է երկակի չափանիշներու օգտագործման եւ երկերեսութեան յանցանքով:

Չաւուշօղլու այդ յայտարարութիւնը կատարած է Շուլցի այն յայտարարութենէն ետք, որ Եւրոպական Միութիւնը Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ կրնայ հաստատել` այդ երկրին մէջ մահապատիժի վերականգնումին պարագային: Ան նաեւ սպառնացած էր Թուրքիոյ հետ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւնները դադրեցնել:

Շուլց մտահոգութիւն յայտնած էր Թուրքիոյ մէջ ընդդիմադիր երեսփոխաններու եւ լրագրողներու ձերբակալութիւններուն առնչութեամբ:

«Եթէ այդքան ուժ ունիք` դադրեցուցէ՛ք Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու տարածքին մէջ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան գործունէութիւնը», յայտարարած է Չաւուշօղլու` աւելցնելով, որ այս հարցին մէջ իրենք, «ինչպէս միշտ», կը տեսնեն Եւրոպական Միութեան եւ, մասնաւորաբար, Եւրոպական խորհրդարանի նախագահին երկերեսութիւնը:

 

 

Նախորդը

Թրամփ Հաստատած Է Փրիպուսի Նշանակումը Իր Վարչակազմի Ղեկավարի Պաշտօնին

Յաջորդը

«Աթաթուրքի Զօրքը Կազմակերպած Է 1922-ի Իզմիրի Հրդեհը» Կ՛ըսէ Յունաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը

RelatedPosts

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը.  Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու  Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար
Միջազգային

Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը. Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.