Գերմանական «Տէօչէ Վելլէ» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ ֆրանսացի լրագրող Օլիվիէ Պերթրան, որ 11 նոյեմբերին ձերբակալուած էր Այնթէպի մէջ, արտաքսուած է երկրէն:
Ֆրանսական «Լէ Ժուր» գործակալութեան աշխատակիցը ձերբակալուած էր առանց հաւատարմագրման տեսանկարահանում կատարելու եւ հաղորդում պատրաստելու համար` կիւլենականներուն աջակցելու հիմնաւորումով:
Գրաւուած է անոր հեռաձայնն ու համակարգիչը:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Մարք Էյրօ Թուրքիայէն պահանջած էր ազատ արձակել ֆրանսացի լրագրողը: Պերթրան ի վերջոյ ազատ արձակուած է եւ արտաքսուած Թուրքիայէն: