Միջազգային

Թուրքիոյ 45 Նահանգներու Մէջ ՔԱԿ-ի Դէմ  Ոստիկանական Գործողութեան  Ընթացքին 924 Մարդ Ձերբակալուած Է

Թուրքիոյ 45 Նահանգներու Մէջ ՔԱԿ-ի Դէմ Ոստիկանական Գործողութեան Ընթացքին 924 Մարդ Ձերբակալուած Է

Թուրքիոյ 45 նահանգներու մէջ ոստիկանական աւելի քան 200 յատուկ գործողութիւն կատարուած է Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) հետ կապեր ունենալու համար կասկածուող քաղաքայիններու դէմ: Ձերբակալուած է 924 մարդ: «Անատոլու» կը հաղորդէ, որ գործողութիւններուն ընթացքին յայտնաբերուած են 5 զինեալներ եւ 21 ինքնաշէն պայթուցիկ սարք: Միւս կողմէ, թրքական «Էվրենսել» օրաթերթը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ արեւմուտքը գտնուող Ուշաքի նահանգին մէջ ազգայնական թուրքեր յարձակում գործած են...

«Պէտք Է Իրանի Մատակարարումները Արգելակել,  Որովհետեւ Իրանը Շրջանին Մէջ Մեր Հիմնական Խնդիրն Է»  Կ՛ըսէ Թրամփի Խորհրդականը

«Պէտք Է Իրանի Մատակարարումները Արգելակել, Որովհետեւ Իրանը Շրջանին Մէջ Մեր Հիմնական Խնդիրն Է» Կ՛ըսէ Թրամփի Խորհրդականը

Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի խորհրդական Ճիմ Ուեսլի յայտնեց. «Իրանը աշխարհի այդ մասին մէջ մեր հիմնական խնդիրն է, եւ անոր հետ դաշնակցութիւնը մարտավարական ու ժամանակաւոր է»: «Գոյութիւն ունին մարտավարական որոշումներ, զորս պատմութեան ընթացքին որդեգրած է Ամերիկան, եւ երբեմն անհրաժեշտ է ժամանակաւորապէս դաշնակցիլ վատ անձին հետ` այլ վատ անձեր պարտութեան մատնելու համար, եւ ատիկա բան մըն է, որ պատմութեան ընթացքին...

«Հաւանական Է, Որ Թուրքերն Ու Որոշ Դաւաճան  Քիւրտեր Յարձակում Կազմակերպեն Օճալանի Դէմ»  Կ՛ըսէ Քարայըլան

«Հաւանական Է, Որ Թուրքերն Ու Որոշ Դաւաճան Քիւրտեր Յարձակում Կազմակերպեն Օճալանի Դէմ» Կ՛ըսէ Քարայըլան

Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) գործադիր կոմիտէի անդամ Մուրատ Քարայըլան յայտարարած է, թէ հաւանական է, որ թուրքերն ու որոշ քիւրտ դաւաճաններ յարձակում կազմակերպեն քրտական շարժումի ղեկավար Ապտիւլլա Օճալանի դէմ, որ ներկայիս ցկեանս բանտարկութեան ենթարկուած է թրքական Իմրալը կղզիի բանտին մէջ: Քրտական «Էյ.Էն.Էֆ.» գործակալութեան իր տուած հարցազրոյցին մէջ Քարայըլան նշած է, որ իրենք տեղեկութիւններ ունին այն մասին, որ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ...

Ֆրանչիսկոս Պապը Իր 80-Ամեակը  Նշած Է 8 Անտուններու Հետ

Ֆրանչիսկոս Պապը Իր 80-Ամեակը Նշած Է 8 Անտուններու Հետ

Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապին կողմէ մարդկային վեհ սկզբունքներուն դրսեւորումը եղող նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ, ան իր 80-ամեակը նշած է 8 անտուններու հետ` զանոնք ընդունելով Վատիկանի Սրբուհի Մարթայի տան մէջ, ուր պապը կը բնակի: Վատիկանի մամլոյ ծառայութեան գրասենեակէն փոխանցուած է, որ հրաւիրեալներուն չորսը իտալացի է, երկուքը` ռումանացի, մէկը` մոլտովացի, իսկ միւսը` փերուցի: Պապը սովորաբար անոնց կը հանդիպէր Ս. Պետրոսի հրապարակին վրայ: Պապին 80-ամեակի...

Սուրիական Ֆուա Եւ Քաֆարիա Շրջաններու  Բնակիչներ Տարհանող  Փոխադրակառքեր Հրկիզուած Են

Սուրիական Ֆուա Եւ Քաֆարիա Շրջաններու Բնակիչներ Տարհանող Փոխադրակառքեր Հրկիզուած Են

Պատերազմական կեդրոնական տեղեկատուական գրասենեակը հաղորդեց, որ Ժապհաթ Նուսրա ահաբեկչական խմբաւորման եւ Ահրար Շամ շարժումին միջեւ Իտլիպի մէջ գտնուող երկու պաշարուած գիւղերուն` Ֆուայի եւ Քաֆարիայի շրջակայքը եղած բախումներուն պատճառով երկու շրջաններէն բնակիչներ տարհանելու յատուկ 5 փոխադրակառքեր հրկիզուած են: Երկու խմբաւորումներուն միջեւ տարակարծութիւն ծագած էր փոխանակման գործողութեան վերաբերեալ: Սուրիական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ զոյգ շրջաններէն վիրաւորներու տարհանումը խոչընդոտելով հարցերը պիտի վերադառնան զերօ...

«Մինսք Հանդէս Կու Գայ Բանակցութիւններու  Ճամբով Տագնապներու Լուծման Օգտին»  Կ՛ըսէ Լուքաշենքօ

«Մինսք Հանդէս Կու Գայ Բանակցութիւններու Ճամբով Տագնապներու Լուծման Օգտին» Կ՛ըսէ Լուքաշենքօ

«Պելթա.պի» կը հաղորդէ, որ Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ օտար երկիրներու դեսպաններու կողմէ հաւատարմագիրներու յանձնումի արարողութեան ընթացքին յայտարարած է, որ Մինսքը դարձած է շրջանային ճգնաժամերու լուծման համար կարեւոր հարթակ: «Մենք անփոփոխ կերպով հանդէս կու գանք քաղաքակիրթ ճամբով, բանակցութիւններու սեղանի շուրջ ճգնաժամային իրավիճակներու լուծման օգտին: Առանց զինուորական ուժի կիրարկման, առանց քաղաքական եւ տնտեսական ճնշման: Այսօր Մինսքը դարձած է կարեւոր հարթակ շրջանային տագնապներու...

Յունաստանի Պաշտպանութեան  Նախարարը Կը Զգուշացնէ Թուրքիան

Յունաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Կը Զգուշացնէ Թուրքիան

Յունաստանի պաշտպանութեան նախարար Փանոս Քամենոս զգուշացում յղած է Թուրքիոյ: Թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Քամենոս յայտնած է, որ թրքական բանակին պատկանող ուղղաթիռները շատ ցած բարձրութեան վրայ սկսած են թռիչքներ կատարել յունական կղզիներուն վերեւ` աւելցնելով, որ այդպիսի պարագայի կարելի է արկած պատահի, որուն պարագային պատասխանատուութիւնը ամբողջովին պիտի կրէ Թուրքիան: «Յունաստանը լաւ գիտէ, թէ որոնք են Եգէական ծովուն մէջ լարուածութիւն եւ...

Կորպաչով Չի Բացառեր  Խորհրդային Միութեան  Սահմաններուն Մէջ Նոր Միութեան Մը  Ստեղծման Հաւանականութիւնը

Կորպաչով Չի Բացառեր Խորհրդային Միութեան Սահմաններուն Մէջ Նոր Միութեան Մը Ստեղծման Հաւանականութիւնը

Խորհրդային Միութեան առաջին ու վերջին նախագահ Միխայիլ Կորպաչով ռուսական ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին չէ բացառած, որ Խորհրդային Միութեան կազմին մէջ ներառուած պետութիւնները կարենան նախկին սահմաններուն մէջ նոր միութիւն մը ստեղծել: «Միութեան` նախկին սահմաններով եւ միեւնոյն կազմով ինքնակամ վերականգնումը կարելի է: Կը կարծեմ, որ նոր միութիւն կրնայ ըլլալ», ըսած է Կորպաչով: Ան միեւնոյն ժամանակ ընդգծած է, որ դէպքերու...

Զինեալները Կը Խանգարեն Հալէպի Մէջ  Համաձայնութեան Գործադրութիւնը

Զինեալները Կը Խանգարեն Հալէպի Մէջ Համաձայնութեան Գործադրութիւնը

«Մայատին» հաղորդեց, որ արեւելեան Հալէպէն զինեալները դուրս բերելու գործողութիւնը կասեցուած է, եւ կանաչ փոխադրակառքերը հեռացած են Ռամուսիյէ անցքէն, երբ զինեալները շրջանին դէմ կրակ բացած են: Ռամուսիյէի մօտ ճամբաներուն վրայ պատնէշները վերականգնած են: Արեւելեան Հալէպէն դուրս եկած վերջին խումբը կանգնած է Շէյխ Սուէյտ մայրուղիին վրայ, իսկ շուրջ 900 զինեալներ եւ անոնց ընտանիքները փոխադրող կարաւան մը վերադարձած է արեւելեան Հալէպի մէջ իր...

«Թուրքիան Պատրաստ Է Ընդունելու  Հալէպէն Դուրս Եկողները»  Յայտարարած Է Էրտողան

«Թուրքիան Պատրաստ Է Ընդունելու Հալէպէն Դուրս Եկողները» Յայտարարած Է Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի եւ ՄԱԿ-ի նորընտիր ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի հետ քննարկած է Հալէպի հարցը: Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, թէ Էրտողան յայտարարած է արեւելեան Հալէպէն դուրս բերուողները իր երկիր ընդունելու եւ անոնց կենսապայմանները ապահովելու վճռակամութեան մասին, ինչպէս նաեւ այդ հարցին մէջ...

Թրամփ Խոստացած Է Ծոցի Երկիրներու  Նիւթական Միջոցներով Սուրիոյ Մէջ  Ստեղծել Անվտանգութեան Գօտիներ

Թրամփ Խոստացած Է Ծոցի Երկիրներու Նիւթական Միջոցներով Սուրիոյ Մէջ Ստեղծել Անվտանգութեան Գօտիներ

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ խոստացած է Սուրիոյ մէջ մարդասիրական անվտանգութեան գօտիներ ստեղծել ու ստիպել Արաբական ծոցի երկիրներուն վճարել ատոր համար: «Երբ կը տեսնեմ, թէ ի՛նչ կը կատարուի Սուրիոյ մէջ, շատ կը տխրիմ: Մենք պէտք է օգնենք սուրիացի ժողովուրդին», ըսած է 70-ամեայ նորընտիր նախագահը Հըրշի քաղաքին մէջ արտասանած խօսքին մէջ` այդ պարունակին մէջ նշելով...

Եւրոպական Միութիւնը Թուրքիոյ Հետ  Նոր Վեհաժողով Պիտի Գումարէ  Գաղթականներու Հարցին Վերաբերեալ

Եւրոպական Միութիւնը Թուրքիոյ Հետ Նոր Վեհաժողով Պիտի Գումարէ Գաղթականներու Հարցին Վերաբերեալ

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսք Եւրոպական Միութեան վեհաժողովի արդիւնքներու ներկայացման նուիրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է, որ միութիւնը կը ծրագրէ յունուարին Թուրքիոյ հետ նոր վեհաժողով գումարել գաղթականներու եւ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հոլովոյթին շուրջ: «Մենք կը սերտենք յունուարին Թուրքիոյ հետ նոր վեհաժողով կատարելու կարելիութիւնը: Պէտք է աւարտենք մուտքի արտօնագիրներու հետ կապուած հարցերը, խնդրայարոյց կը...

«Միացեալ Նահանգներ Պիտի Պատասխանեն  Ռուսիոյ Նախագահական  Ընտրութեան Միջամտելուն Համար»  Կ՛ըսէ Օպամա

«Միացեալ Նահանգներ Պիտի Պատասխանեն Ռուսիոյ Նախագահական Ընտրութեան Միջամտելուն Համար» Կ՛ըսէ Օպամա

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա իր երկրին պետական ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին` անդրադառնալով Ռուսիոյ ենթադրեալ միջամտութեան Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութեան, յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ ռուսական կողմին «պիտի պատասխանեն»: «Երբ որեւէ օտար կառավարութիւն կը փորձէ ազդել մեր ընտրութեան արդար ելքին վրայ, մենք, անկասկած, պէտք է գործի անցնինք: Եւ մենք ատիկա պիտի ընենք` ուղղակի մեր իմացած...

«Պաքու 5 Միլիառ Տոլարի  Սպառազինութիւն Գնած Է Իսրայէլէն»  Կ՛ըսէ Ալիեւ

«Պաքու 5 Միլիառ Տոլարի Սպառազինութիւն Գնած Է Իսրայէլէն» Կ՛ըսէ Ալիեւ

«ՓանԱրմինիըն» կը հաղորդէ, որ Իսրայէլ եւ Ազրպէյճան ռազմարդիւնաբերութեան մարզին մէջ երկար տարիներու համագործակցութեան ընթացքին կնքած են շուրջ 5 միլիառ տոլար արժող համաձայնագիրներ, որոնց մեծ մասը արդէն գործադրուած է. այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ` ըստ Իսրայէլի կառավարութեան մամլոյ սպասարկութեան: Նշենք, որ 13 դեկտեմբերին, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Պաքու այցելած էր եւ հանդիպում ունեցած Ալիեւի հետ: «Աշխուժօրէն քննարկեցինք ռազմարդիւնաբերութեան...

Հալէպի Արեւելեան Թաղամասերէն Սկսած Է  Բնակիչներու Եւ Զինեալներու Հեռացումը

Հալէպի Արեւելեան Թաղամասերէն Սկսած Է Բնակիչներու Եւ Զինեալներու Հեռացումը

«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Հալէպի մէջ ընթացք առած է բնակիչներու եւ զինեալներու` ընդդիմադիր զինեալ ուժերու վերահսկողութեան տակ գտնուող թաղամասերէն հեռացումը: Բնակիչներու, զինեալներու եւ վիրաւորներու դուրս բերումը պէտք է սկսէր չորեքշաբթի օր, սակայն հաստատուած զինադադարի խախտումը խոչընդոտեց աշխատանքներու ձեռնարկումը: Սուրիական բանակը այս շաբաթ քառամեայ պայքարէ ետք իր վերահսկողութեան տակ առաւ զինեալ խմբաւորումներու տիրապետութեան տակ գտնուող արեւելեան Հալէպի գրեթէ բոլոր շրջանները: Սուրիական...

«Իրանի Դէմ Պատժամիջոցներու Երկարաձգումը  Ուժի Մէջ Պիտի Մտնէ  Առանց Օպամայի Ստորագրութեան»  Կ՛ըսէ Սպիտակ Տունը

«Իրանի Դէմ Պատժամիջոցներու Երկարաձգումը Ուժի Մէջ Պիտի Մտնէ Առանց Օպամայի Ստորագրութեան» Կ՛ըսէ Սպիտակ Տունը

Սպիտակ տունը երէկ յայտնեց, թէ Իրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցները տասը տարիով երկարաձգելու օրինագիծը, որ որդեգրուած էր Քոնկրեսին կողմէ, ուժի մէջ պիտի մտնէ առանց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի ստորագրութեան, սակայն պիտի չազդէ Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ միջազգային համաձայնագիրի գործադրութեան վրայ: Օպամա համամիտ է Իրանի դէմ պատժամիջոցները երկարաձգելու գաղափարին, սակայն անակնկալ քայլով մը մերժած է վաւերացնել զայն: Նշենք, որ օրէնք մը...

Ռուսիոյ Գաղտնի Սպասարկութիւնը Ռոստովի Մարզի  Եւ Խրիմի Մէջ Կանխարգիլած Են Ահաբեկչական Արարքներ

Ռուսիոյ Գաղտնի Սպասարկութիւնը Ռոստովի Մարզի Եւ Խրիմի Մէջ Կանխարգիլած Են Ահաբեկչական Արարքներ

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ Հարաւային դաշնակցային շրջանին մէջ նախագահի լիազօր ներկայացուցիչ Վլատիմիր Ուստինով յայտնած է, որ Ռուսիոյ գաղտնի սպասարկութիւնները վերջին շրջանին Ռոստովի մարզի եւ Խրիմի մէջ ահաբեկչական արարքներ կանխարգիլած են: «Վերջին շրջանին Ռոստովի մարզին եւ Խրիմի հանրապետութեան մէջ կանխուած են ահաբեկչական արարքներ, որոնք ուղղուած եղած են մարդոց հաւաքման վայրերու, կեանքի ապահովման եւ զինուորական ենթակառոյցներու կեդրոններու դէմ», յայտնած...

Սուրիական Բանակը Վերսկսաւ Արեւելեան Հալէպի Մէջ Իր Գործողութեան

Սուրիական Բանակը Վերսկսաւ Արեւելեան Հալէպի Մէջ Իր Գործողութեան

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ սուրիական բանակը ետ մղած է արեւելեան Հալէպի մէջ զինադադարը խախտած զինեալներու յարձակումը: Նախարարութիւնը նշեց, որ զինեալները զինադադարը օգտագործած են վերախմբուելու եւ կռիւը շարունակելու` փորձելով սուրիական բանակի դիրքերը շրջանցել: Սուրիական զինուորական աղբիւր մը սուրիական «Ուաթան» օրաթերթին յայտնեց, որ բանակը վերսկսած է արեւելեան Հալէպի մէջ իր գործողութեան: Սուրիական զինուորական այլ աղբիւր մը «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեց, որ քաղաքի ամբողջական...

Լաւրով Սուրիոյ Շուրջ Թուրքիոյ Հետ  Երկխօսութիւնը Կը Նախընտրէ  Միացեալ Նահանգներու Հետ Բանակցութիւններէն

Լաւրով Սուրիոյ Շուրջ Թուրքիոյ Հետ Երկխօսութիւնը Կը Նախընտրէ Միացեալ Նահանգներու Հետ Բանակցութիւններէն

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի կարծիքով` Սուրիոյ շուրջ ռուս-թրքական գործակցութիւնը կրնայ աւելի արդիւնաւէտ ըլլալ, քան Միացեալ Նահանգներու հետ գործակցութիւնը: «Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ «երկխօսութիւն յանուն ապագայի» ծրագիրի մասնակիցներուն առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ ան «ապարդիւն հաւաքներ» որակած է Սուրիոյ շուրջ Միացեալ Նահանգներու հետ կատարուող բանակցութիւնները: Ըստ անոր, Անգարայի հետ փոխադարձ գործակցութիւնը «կրնայ աւելի արդիւնաւէտ ըլլալ»: 13 դեկտեմբերին Ռուսիոյ արտաքին...

«Ազրպէյճանն Ու Իսրայէլը Կրնան Միասին  Հրաշքներ Գործել Որեւէ Մարզի Մէջ»  Կ՛ըսէ Նեթանիահու

«Ազրպէյճանն Ու Իսրայէլը Կրնան Միասին Հրաշքներ Գործել Որեւէ Մարզի Մէջ» Կ՛ըսէ Նեթանիահու

ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարած է, որ Ազրպէյճան եւ Իսրայէլ կրնան միասին հրաշքներ գործել որեւէ մարզի մէջ: «Մենք վստահ ենք, որ միասին կրնանք հրաշքներ գործել գիւղատնտեսութեան, կրթութեան, տեղեկատուական արհեստագիտութեան եւ որեւէ այլ մարզի մէջ: Մենք կ՛ողջունենք այդ համագործակցութիւնը, որովհետեւ կը կարծենք, որ ի վերջոյ, ատիկա մեծագոյն ներուժն է, որ մենք ունինք: Ատիկա յղացական արտադրանքի...

Page 734 of 882 1 … 733 734 735 … 882

Արխիւներ