Թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը կը գրէ, որ Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան անդամները կը շարունակեն ընդդիմանալ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կողմէ ուրբաթ օր խորհրդարան ներկայացուած սահմանադրական փոփոխութիւններու նախագիծին, որով նաեւ կ՛առաջարկուի Թուրքիոյ` խորհրդարանական կառավարման համակարգէն անցում կատարել դէպի նախագահական համակարգ:
«Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ներկայացուցած նախագիծը սուլթանական համակարգի անցման առաջարկի կը նմանի: Այս առաջարկը Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութիւնը գետնին հաւասարեցնող, այս պահուս գոյութիւն ունեցող միանձնեայ կառավարումը օրինականացնելու առաջարկ է», յայտարարած է Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան երեսփոխաններէն Սելի Պէօքեն` աւելցնելով, որ իրենց կուսակցութիւնը ինչպէս նախագիծի խորհրդարան մուտք գործելէն առաջ, հիմա եւս դէմ է ներկայացուած սահմանադրական փոփոխութիւններուն վերաբերող առաջարկներուն:
Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը հիմնուած է 1929-ին, Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի կողմէ: Էրտողան կը պնդէ 1923-ին Թուրքիոյ Հանրապետութեան հաստատումէն ի վեր գործող խորհրդարանական համակարգին փոխարէն նախագահական կառավարման համակարգի որդեգրման վրայ: Ան կոչ կ՛ուղղէ սահմանադրական փոփոխութիւններուն վերաբերեալ հանրաքուէ կատարելու: