Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զէնք-Զինամթերքով Բեռնաւորուած Ամերիկեան Ուղղաթիռներ Հասան Ռաքքայի Այն Իսա Քաղաքը

Դեկտեմբեր 10, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

raqqa_121016

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ կարգ մը պատուիրակութիւններ կանխատրամադրուած են Սուրիոյ շուրջ Ռուսիոյ նախաձեռնութեան դէմ:

Ան աւելցուց, որ Հալէպի շուրջ համաձայնութիւն չէ գոյացած եւ Ռուսիոյ առաջարկները չեն քննարկուած` շեշտելով, որ Սուրիոյ վերաբերեալ հասարակաց սկզբնակէտ մը պէտք է ըլլայ, իսկ ատիկա չէ եղած:

«Չըսի, թէ Հալէպի մէջ զինուորական գործողութիւնները ամբողջովին դադրած են, այլ` դադրեցուած են քաղաքայիններու դուրս բերումին օժանդակելու համար», նշեց ռուսական դիւանագիտութեան պետը:

Լաւրով յայտնեց, որ Հալէպի կացութեան կարգաւորման եւ զինեալներու քաղաքէն հեռացման շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու լաւ առիթ կայ:

Մինչ այդ, «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սուրիոյ հակամարտող կողմերու հաշտեցման ռուսական կեդրոնը յայտնած է, որ աւելի քան 8 հազար հոգի մէկ օրուան մէջ դուրս եկած է արեւելեան Հալէպէն:

«Միայն վերջին մէկ օրուան ընթացքին հակամարտող կողմերու հաշտեցման ռուսական կեդրոնին աջակցութեամբ Հալէպի` զինեալներու վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններէն դուրս եկած է 8461 հոգի, ներառեալ 2934 երեխայ», ըսուած է կեդրոնին հաղորդագրութեան մէջ:

Բացի ատկէ, 14 զինեալներ զէնքերը վար դնելով յանձնուած են սուրիական բանակին: «Սուրիոյ նախագահին որդեգրած որոշումին համապատասխան` անոնց բոլորին ներում պիտի շնորհուի», ընդգծած  է կեդրոնը:

Միւս կողմէ, ընդդիմադիր գործիչներ հաղորդեցին, որ զէնք-զինամթերքով բեռնաւորուած ամերիկեան ապրանքատար 7 ուղղաթիռներ հասած են Ռաքքայի հիւսիսային գիւղական շրջանի Այն Իսա քաղաքին մէջ գտնուող իրենց զինուորական խարիսխը»` աւելցնելով. «Տեսնուած են Ժողովրդավարական Սուրիոյ ուժեր»-ուն պատկանող եւ զինեալներ ու սպառազինութիւն փոխադրող շարք մը մեքենաներ, որոնք կ՛ուղղուին Այն Իսա»:

«Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ 8 դեկտեմբերին Սպիտակ տան կայքին վրայ հրապարակուած յուշագիրին մէջ կ՛ըսուի, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա ջնջած է Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցներուն զէնքի մատակարարումներու սահմանափակումները:

«Գործողութիւնները, որոնք կը ներառեն պաշտպանական ապրանքներու եւ ծառայութիւններու տրամադրում արտասահմանեան  այն ուժերուն, ոչ կանոնաւոր ուժերուն, խումբերուն կամ առանձին անձերուն, որոնք կ՛օժանդակեն կամ կ՛աջակցին Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ Միացեալ Նահանգներու զինուորական գործողութեան, կարեւոր նշանակութիւն ունին Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան շահերուն համար», ըսուած է փաստաթուղթին մէջ:

Այս որոշումէն օգտուելու համար Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարն ու պաշտպանութեան նախարարը պէտք է ստանան Քոնկրեսի հաւանութիւնը:

Նախորդը

Անգարա-Պերլին Ճգնաժամը Կը Խորանայ. Պոլսոյ Օդակայանին Մէջ Հարցաքննուած Են Գերմանացի Դիւանագէտներ

Յաջորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

RelatedPosts

Փութին. «Ռուսիան Պատրաստ Է Միացեալ  Նահանգներու Հետ Յարաբերութիւնները Կարգաւորելու,  Սակայն Ոչ Ի Վնաս Ռուսական Շահերուն»
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ին. Թրամփ-Փութին Հանդիպումի Չեղեալ Նկատուելուն Պատճառը Մոսկուայի` Ուաշինկթընին Յղած Յուշագիրն Է

Նոյեմբեր 1, 2025
Աֆղանիստանն Ու Փաքիստանը Զինադադարը  Երկարաձգելու Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացուցած Են
Գլխաւոր լուրեր

Աֆղանիստանն Ու Փաքիստանը Զինադադարը Երկարաձգելու Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացուցած Են

Նոյեմբեր 1, 2025
Թրամփ-Ճինփինկ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ-Ճինփինկ Համաձայնութիւն

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?