«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը դատապարտած է Եգիպտոսի մէջ ահաբեկչական գործողութիւնները` 11 դեկտեմբերի ղպտիական եկեղեցւոյ մէջ պայթումն ու 9 դեկտեմբերի յարձակումը ոստիկանութեան դէմ:
«Ապահովութեան խորհուրդի անդամները ամենայն լրջութեամբ դատապարտած են 11 դեկտեմբերին Գահիրէի Ս. Մարկոս ղպտիական ուղղափառ տաճարին կից Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ դէմ զարհուրելի եւ ստոր ահաբեկչական արարքը, որ խլած է առնուազն 25 մարդու կեանք եւ 49 հոգի վիրաւորած», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Ապահովութեան խորհուրդի անդամները նաեւ դատապարտած են 9 դեկտեմբերի ահաբեկչական գործողութիւնը, որուն զոհ գացած էին եգիպտացի վեց ոստիկաններ, իսկ քանի մը խաղաղ բնակիչներ` վիրաւորուած:
Նշենք, որ 11 դեկտեմբերին ուժգին պայթում մը տեղի ունեցած էր Գահիրէի Ապասիյա տաճարային համալիրին մէջ, ուր կը գտնուին քանի մը եկեղեցիներ, ներառեալ Ս. Մարկոս պատրիարքանիստ մայր տաճարը: Յարձակումին պատճառով արձանագրուած էր 23 զոհ եւ 49 վիրաւոր: