
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի Խըրխըզիստանի նախագահ Ալմազպեք Աթամպայեւի հետ Պիշքեքի մէջ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտարարած է. «Իրան մտադիր է ընդլայնել Եւրասիական տնտեսական միութեան հետ յարաբերութիւնները եւ կ՛ուզէ ազատ առեւտուրի դրութիւն հաստատել այդ միութեան հետ»:
Իրանի նախագահը յայտնած է, որ իր երկիրը կ՛ակնկալէ, որ այդ հարցը քննարկուի 26 դեկտեմբերին Մոսկուայի մէջ նախատեսուած Եւրասիական տնտեսական միութեան վեհաժողովին ընթացքին:


