Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրք Երեսփոխանը Ռուս Դեսպանին Սպանութեան Համար Կը Մեղադրէ Թուրքիոյ Իշխանութիւնները

December 24, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

boken_122316

«Սփութնիք»-ի թրքական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան բանբեր Սելին Սայեք Պէօքեն Անգարայի մէջ Ռուսիոյ դեսպանին սպանութեան համար կը մեղադրէ Թուրքիոյ իշխանութիւնները:

Պէօքեն նշած է, որ Հալէպի` սուրիական բանակի վերահսկողութեան տակ անցնելէն ետք, իշխանութիւնները գոհունակութեամբ կը հետեւէին Թուրքիոյ մէջ մեծ թափով սկսած հակառուսական եւ հակաիրանեան ցոյցերուն` անտեսելով եւ չմիջամտելով ցեղապաշտական եւ ծայրայեղական բազմաթիւ յայտարարութիւններուն:

«Գաղափարական այս մթնոլորտին մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան դիմաց ցոյցերու ընթացքին ժիհատի դրօշներ ծածանած էին: Այս բոլորին վրայ աչք փակեցին», ըսած է քեմալականներու բանբերը եւ յայտարարած, որ այս յանցագործութեան միակ մեղաւորը իշխանութիւններն են:

«Եթէ ատրճանակի բլթակը կիւլենական մը քաշած է` կը նշանակէ դուք զայն մեր գլխուն պատուհաս դարձուցած էք: Եթէ Ժապհաթ Նուսրան է, ապա դարձեալ դուք ժիհատականներուն ամէն տեսակ օժանդակութիւն ցոյց տուած էք: Սահմանային անվտանգութիւնը չապահովողը դուք էք: Պատասխանատուն դուք էք», ըսած է Պէօքեն` աւելցնելով, որ Թուրքիոյ մէջ այլեւս ոչ ոք ինքզինք ապահով ու անվտանգ կը զգայ:

 

 

Նախորդը

Պոլսոյ Մէջ Ձերբակալուած Է Թուրքիոյ Խորհրդարանի Փոխնախագահը

Յաջորդը

Ազրպէյճան Կը Ցուցադրէ Իսրայէլէն Գնած «Պարաք 8» Հրթիռային Համակարգերը

RelatedPosts

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը.  Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու  Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար
Միջազգային

Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը. Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.