Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց. «Սուրիական ընդդիմութեան զէնք մատակարարելու Ամերիկայի որոշումը թշնամական քայլ մըն է, որ ուղղակիօրէն կը վտանգէ ռուսական օդանաւերը, ինչպէս նաեւ ռուս ռազմական պաշտօնեաներն ու դիւանագէտները»:
«Այս որոշումը կը վտանգէ ռուսական օդուժի օդանաւերը, ռուս պաշտօնեաները եւ Սուրիոյ մէջ մեր դեսպանատունը, որ բազմիցս ռմբակոծումի ենթարկուեցաւ», նշեց ան:
«Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակազմը նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի երկրին ղեկավարութիւնը ստանձնելէն առաջ կը փորձէ աշխարհի կացութիւնը բարդացնել», ըսաւ Զախարովա:
Միւս կողմէ, ռուսական դիւանագիտական աղբիւր մը «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Մոսկուա կը սպասէ ամերիկեան նոր վարչակազմին, որպէսզի Սուրիոյ վերաբերեալ անոր հետ բանակցի:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Սուրիոյ տագնապի լուծման համար ամերիկեան ղեկավարութեամբ Միջազգային դաշինքին հետ բանակցութիւններ ծրագրուա՞ծ են` աղբիւրը ըսած է. «Պէտք է սպասել նոր վարչակազմին իշխանութեան գալը: Եթէ ուզէին, անոնք կրնային մեզի հետ համաձայնութիւն գոյացնել»: