ՏԱՀԵՇ ողջակիզած է երկու թուրք զինուորներ, որոնք այս ամիս գերեվարուած էին Հալէպի հիւսիսային գիւղական շրջանին մէջ:
Ահաբեկչական խմբաւորման պատկանող «Հալէպի վիլայեթ»-ի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց «Եփրատի վահան» գործողութեան մաս կազմող ուժերուն եւ թրքական բանակին դէմ իր կատարած գործողութիւնները ներկայացնող «Խաչի վահան» անունով տեսերիզ մը, որուն մէջ նկարուած է Պապ քաղաքին արեւմուտքը գտնուող Տանա գիւղին մէջ ձերբակալուած երկու զինուորներու` Քոնիայէն 26 տարեկան Ֆեթհի Շահինի եւ 21 տարեկան Սեֆթեր Թաշի ողջակիզումը:
ՏԱՀԵՇ դարձեալ սպառնաց Թուրքիոյ մէջ յարձակումներ գործել` Թուրքիոյ մէջ իր համակիրներուն կոչ ուղղելով Թուրքիան հրկիզելու, քանդելու ու պայթեցնելու, եւ Թուրքիան ամբաստանեց հրեաներուն ու քրիստոնեաներուն կողմը անցնելու եւ իսլամական օրէնքը չեղեալ յայտարարելու յանցանքով:
Տեսերիզին մէջ ՏԱՀԵՇ-ի մէկ անդամը երկու թուրք զինուորներուն վրայ վառելանիւթ թափելու ընթացքին կը յայտնէ. «Մօտ օրէն այս պիտի ըլլայ բոլոր թուրք զինուորներուն ճակատագիրը»:
ՏԱՀԵՇ-ի «Ամաք» լրատու գործակալութիւնը իր կարգին տարածեց Պապի մէջ թրքական բանակին կրած կորուստներուն մասին հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուած է, թէ թրքական բանակը վերջին օրերուն կորսնցուցած է 70 զինուոր, 2 հրասայլ եւ մէկ քարշակ: