Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Քննադատէ Աւստրիան

March 1, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Անատոլու» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հիւսէյն Միւֆթօղլու քննադատած է Աւստրիան Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` Աւստրիոյ մէջ տեղւոյն թուրք բնակիչներուն հետ նախընտրական հաւաք կատարելու հարցին մէջ ունեցած դիրքորոշման համար:

Յիշեցնենք, որ Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Սեպասթիան Քուրց յայտարարած էր, թէ իր երկրին իշխանութիւնները չեն ողջուներ երկրին մէջ Էրտողանի մասնակցութեամբ` Թուրքիոյ սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէին վերաբերեալ ձեռնարկները:

«Այս անպատասխանատու եւ իրենց չափը անցնող ձեւակերպումները կը դատապարտենք եւ չենք ընդունիր», յայտարարած է Միւֆթօղլու:

Նշենք, որ Գերմանիա եւս մերժած էր Էրտողանի նախընտրական քարոզչութեան վերաբերեալ Թուրքիոյ դիմումը:

Վերջին Բախումներէն Ետք Թուրքիա Կը Զօրակցի Ազրպէյճանին

«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ 24-25 փետրուարին, Արցախի սահմանին վրայ դարձեալ տեղի ունեցան բախումներ, որոնցմէ ետք Թուրքիա քննադատեց Հայաստանը:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն հաղորդուեցաւ, որ Թուրքիա կը պախարակէ հայկական կողմէն ծանր զէնքերով կատարուած յարձակումը: Նախարարութիւնը նաեւ ազրպէյճանցի զոհերուն համար ցաւակցութիւն յայտնեց` արագ ապաքինում մաղթելով վիրաւորներուն:

Նախարարութեան լուսաբանութեան մէջ նշուած է. «Հայաստան քառորդ դարէ ի վեր  իր գրաւման տակ կը պահէ Ազրպէյճանի հողամասին մէկ հինգերորդը: Որպէսզի կրկին չպատահին այնպիսի դէպքեր, որոնք պատահեցան 24 փետրուարի գիշերը, Հայաստան պէտք է հնազանդի զինադադարին ու վերջ տայ խախտումներուն: Թուրքիա, որ Մինսքի խմբակի անդամներէն մէկն է, պիտի շարունակէ զօրակցիլ Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան ծիրէն մէջ գոյանալիք մնայուն լուծումի ջանքերուն: Թուրքիա կը հաւատայ, որ Մինսքի խմբակը  պէտք է արագացնէ այդ լուծման գծով տարուած աշխատանքը»:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու, շաբաթավերջի միջադէպերուն մասին տեղեկութիւններ ստանալու նպատակով զրոյց ունեցած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ:

 

Նախորդը

Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան Այցելեց «Ազդակ»

Յաջորդը

Թրքական Դատարանը Բաւարարած Է «Տի Վելթ»-ի Լրագրողը Կալանաւորելու Դատախազութեան Դիմումը

RelatedPosts

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի  Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի  Գումարումը Կը Հաստատէ
Միջազգային

Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի Գումարումը Կը Հաստատէ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.