ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ բանակը դաշնակից ուժերու օգնութեամբ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները դուրս մղած է Փալմիրի շրջանի` ռազմավարական տեսանկիւնէն կարեւոր բարձունքէն:
Զինուորական աղբիւր մը ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ գործողութեան ընթացքին սպաննուած են ՏԱՀԵՇ-ի մեծաթիւ զինեալներ եւ ոչնչացուած են զէնք, զինամթերք եւ փոխադրամիջոցներ:
Անցեալ շաբաթ բանակային ստորաբաժանումները դաշնակիցներու հետ միացեալ յարձակումի մը ընթացքին Փալմիրի շրջանին մէջ վերականգնած էին իրենց վերահսկողութիւնը քանի մը գիւղերու վրայ:
Փետրուարի կէսերուն հաղորդուած էր, որ Փալմիր հասնելու համար կառավարական զօրքերուն մնացած է 20 քիլոմեթր: Սուրիական բանակի յարձակումը կը ծաւալի Ռուսիոյ օդուժին օգնութեամբ: