Գերմանական «Տէօչէ Վելլէ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ նախագահ Եոահիմ Կաուք մտահոգութիւն յայտնած է Թուրքիոյ մէջ լրագրողներուն դէմ կատարուող բռնութիւններուն առնչութեամբ:
Նախագահական նստավայրին մէջ Օտարերկրեայ լրագրողներու միութեան անդամներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին Կաուք յայտարարած է, որ Գերմանիոյ մէջ չեն կրնար հասկնալ, թէ ինչո՛ւ անհրաժեշտ է յարձակում գործել մամլոյ ազատութեան դէմ:
«Թուրքիոյ մէջ վերջին շրջանին տեղի ունեցող իրադարձութիւնները կասկած կը յառաջացնեն` արդեօք Թուրքիան կ՛ուզէ՞ ըլլալ իրաւունքի պետութիւն», յայտարարած է Գերմանիոյ նախագահը` աւելցնելով, որ այդ երկրին մէջ կատարուող դէպքերը մեծ մտահոգութիւն կը յառաջացնեն:
Նշենք, որ Կաուք 18 մարտին նախագահի լիազօրութիւնները պիտի փոխանցէ Ֆրանք-Վալթեր Շթայնմայերին: