Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մէյ Եւրոպացիներուն Բաց Նամակ Ուղարկած Է «Պրեքզիթ»-էն Ետք Եւրոպական Միութեան Հետ Յարաբերութիւններու Մասին

Մարտ 31, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ եւրոպական երկիրներու քաղաքացիներուն ուղարկած է բաց նամակ մը, որուն մէջ ընդգծած է «Պրեքզիթ»-էն ետք Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններու պահպանման կարեւորութիւնը:

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Մէյ «Այրիշ Թայմզ» օրաթերթին մէջ հրապարակուած իր նամակին մէջ ընդգծած է. «Մենք կը ձգենք Եւրոպական Միութիւնը, սակայն չենք ձգեր Եւրոպան, մենք կ՛ուզենք մնալ հաւատարիմ գործընկեր եւ դաշնակիցներ Իրլանտայի եւ ցամաքամասի մեր բոլոր բարեկամներուն համար»:

Բրիտանիոյ վարչապետը նաեւ նշած է, որ ինք «անձամբ կը պարտաւորուի` ամրապնդելու յարաբերութիւնները Եւրոպական Միութեան հետ»:

Մէյ կը պնդէ. «Ոչ մէկ բան պէտք է սպառնալիքի տակ դնէ խաղաղ հոլովոյթը Հիւսիսային Իրլանտայի մէջ եւ Պելֆասթեան համաձայնագիրներու կատարումը»:

Բրիտանական կառավարութեան ղեկավարին համաձայն, Եւրոպական Միութեան հետ բանակցութիւնները պէտք է կատարուին «կառուցողականօրէն, յարգանքի եւ համագործակցելու անկեղծ ձգտումի ոգիով»:

Ան ընդգծած է, որ Բրիտանիան պիտի չփորձէ մնալ ընդհանուր շուկայի անդամ, սակայն պիտի ձգտի առաւելագոյն մուտք ապահովել այնտեղ` «ազատ առեւտուրի վերաբերեալ նոր եւ յաւակնոտ համաձայնագիրի մը միջոցով»: «Մեր շահերէն կը բխի յանուն Բրիտանիոյ եւ Եւրոպական Միութեան գործընկերութեան առաւելագոյն ազատութեան տրամադրումը բրիտանական ընկերութիւններուն հետ առեւտուրի համար», գրած է Մէյ:

Անոր կարծիքով` Եւրոպական Միութենէն դուրս գալէ ետք համագործակցութեան մէկ յաւելեալ կարեւոր երեւոյթ պէտք է դառնայ «առաւելագոյն սերտ համագործակցութիւնը անվտանգութեան մարզին մէջ»: «Այն ինչ որ կը վերաբերի մեր անվտանգութեան մարմիններուն միջեւ տեղեկատուութեան փոխանակման կամ եւրոպական սահմաններու պաշտպանութեան միացեալ աշխատանքին, ապա մեզ անհրաժեշտ են առաւելագոյն սերտ յարաբերութիւններ», ընդգծած է ան:

Միւս կողմէ, Եւրոպական խորհրդարանին մէջ կը կարծեն, որ «Պրեքզիթ»-ը կրնայ չեղեալ նկատուիլ: Բրիտանական «Տի Ինտիփենտընթ» օրաթերթը կը յայտնէ, որ Եւրոպական Միութեան ու Բրիտանիոյ «ապահարզանը» կ՛ենթադրէ որոշ անցումային միջոցառումներ, որոնք սակայն պէտք չէ երեք տարիէն աւելի երկարին:

Փաստաթուղթը կը սահմանէ Եւրոպական խորհրդարանին համար «կարմիր գիծերը»` Բրիտանիոյ հետ բանակցութիւններու սկսելու համար: Լիզպոնի յայտնի 50-րդ յօդուածը, որ կը գործարկէ «Պրեքզիթ»-ը, կրնայ չեղեալ նկատուիլ` իբրեւ զիջում այն բրիտանացիներուն, որոնք չէին ուզեր հեռանալ Եւրոպական Միութեան կազմէն:

Փաստաթուղթին մէջ, որ պէտք է Եւրոպական խորհրդարանը հաստատէ յաջորդ շաբաթ, յստակօրէն կը նշուի, որ եթէ բրիտանացիները իրենց միտքը փոխեն, անոնք չեն կրնար ակնկալել աւելի լաւ պայմաններ եւ Եւրոպական Միութեան հետ աւելի լաւ գործարք, քան այն ինչ որ այժմ կայ:

Նախորդը

Գերմանիոյ Դատախազութիւնը Կը Հետաքննէ Թուրքիոյ Գաղտնի Սպասարկութեան Լրտեսական Գործունէութեան Մասին Տեղեկութիւնները

Յաջորդը

Ռուսիան Ու Թուրքիան Պիտի Շարունակեն Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարի Ծիրին Մէջ Իրենց Համագործակցութիւնը Սուրիոյ Մէջ

RelatedPosts

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Այսօր  Ուքրանիոյ Վերաբերեալ Ժողով Մը Պիտի Գումարէ
Գլխաւոր լուրեր

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Այսօր Ուքրանիոյ Վերաբերեալ Ժողով Մը Պիտի Գումարէ

Դեկտեմբեր 9, 2025
Թրամփ. «Որոշ Չափով Հիասթափուած Եմ,  Որովհետեւ Զելենսքին Տակաւին  Խաղաղութեան Ծրագիրը Չէ Կարդացած»
Միջազգային

Թրամփ. «Որոշ Չափով Հիասթափուած Եմ, Որովհետեւ Զելենսքին Տակաւին Խաղաղութեան Ծրագիրը Չէ Կարդացած»

Դեկտեմբեր 9, 2025
Փեսքով. «Ուքրանիոյ Տագնապի Լուծման Կողմերը  Հետզհետէ Աւելի Կը Հասկնան,  Թէ Պէտք Է Լռութեան Մէջ Աշխատին»
Միջազգային

Փեսքով. «Ուքրանիոյ Տագնապի Լուծման Կողմերը Հետզհետէ Աւելի Կը Հասկնան, Թէ Պէտք Է Լռութեան Մէջ Աշխատին»

Դեկտեմբեր 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?