Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մոլտովա Կրնայ Դուրս Գալ ԱՊՀ-Էն» Կը Գրէ «Նեզաւիսիմայա Կազեթա»

April 4, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մոլտովայի մէջ եւրոպամէտ իշխող համախմբական կառավարութիւնը պատրաստ է երկիրը դուրս բերելու ԱՊՀ-ի կազմէն: ԱՊՀ-ի անդամակցութեան համաձայնագիրը չեղեալ յայտարարելու կարելիութեան մասին յայտարարած է խորհրդարանի նախագահ Անտրիան Քանտուն, կը հաղորդէ «Նեզաւիսիմայա Կազեթա»` աւելցնելով, որ եթէ խորհրդարանի նախագահը այդ քայլին նախաձեռնէ, խորհրդարանը պիտի աջակցի անոր:

Նոյն ատեն, խորհրդարանի անդամ Վլատիմիր Ցուրքան ռուսական օրաթերթին յայտնած է, որ նախագահ Իկոր Տոտոն 3-4 ապրիլին պիտի ստորագրէ Եւրասիական տնտեսական միութեան հետ Մոլտովայի համագործակցութեան մասին յուշագիր:

Անցեալ երեքշաբթի օր Ս. Փեթերսպուրկի մէջ աւարտեցաւ ԱՊՀ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի նիստը, ուր մեկնած էին Մոլտովայի խորհրդարանի Ընկերվարականներու կուսակցութեան խմբակցութեան երեսփոխանները: Կուսակցութեան ոչ պաշտօնական ղեկավարը երկրի նախագահ Իկոր Տոտոնն է: Մէկ օր առաջ խորհրդարանի նախագահ Անտրիան Քանտու յայտարարած էր, որ մոլտովական պատուիրակութիւնը Ս. Փեթերսպուրկ պիտի չմեկնի: Իբրեւ պատճառ ան նշած էր Ռուսիոյ սահմանին մոլտովացի պաշտօնեաներու ձերբակալութիւններուն վերաբերող Քիշնեւի բողոքագիրին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պատասխանի բացակայութիւնը:

Այն ակնարկին, թէ այդ որոշումը պէտք էր դնել քուէարկութեան` Քանտու նշած է, որ ատիկա պիտի կատարէ միայն ԱՊՀ-էն Մոլտովայի դուրս գալու մասին հաւանական առաջարկի պարագային:

«Ես քուէարկութեան պիտի դնեմ միայն ԱՊՀ-ի մէջ մեր կարգավիճակի, հաւանաբար` անդամակցութեան դադրեցման կամ նոյնիսկ ԱՊՀ-էն դուրս գալու մասին որոշումը», յայտարարած է խորհրդարանի նախագահը:

Մոլտովայի մէջ նոր նախագահ Իկոր Տոտոնի իշխանութեան հասնելուն հետ յստակ պառակտում յառաջացած է իշխանութեան ճիւղերուն միջեւ: Մէկ կողմէ նախագահն է, որուն ուղղակի քուէարկութեամբ ընտրած է ժողովուրդը, միւս կողմէ` խորհրդարանի նախագահ Անտրիան Քանդուն եւ վարչապետ Փաւել Ֆիլիփը, կը գրէ «Նեզաւիսիմայա Կազեթա»:

 

 

Նախորդը

Պերլին. «Թրքական Իշխանութիւնները Կը Շարունակեն Գերմանիոյ Ներկայացուցիչներուն Արգիլել Հանդիպիլ Եուճելի Հետ»

Յաջորդը

Լենին Մորենօ` Էքուատորի Նախագահ

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի  Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»
Միջազգային

Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»

October 29, 2026
Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ  Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են
Միջազգային

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.