Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը գրէ, որ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու յայտնած է, որ աւելի քան 113 հազար քաղաքացիներ բերման ենթարկուած են յուլիսին երկրին մէջ տեղի ունեցած յեղաշրջման ձախողած փորձէն ետք` իսլամական քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենի ՖԵԹՕ կազմակերպութեան հետ կապեր ունենալու կասկածանքով:
Ըստ նախարարին, կալանքի տակ գտնուած են 10.732 ոստիկաններ, 7.643 զինուորներ, 168 զօրավարներ, 2575 դատաւորներ եւ դատախազներ, 208 պաշտօնատար անձեր եւ 26.177 հասարակ քաղաքացիներ:
Սոյլու նշած է, որ ներկայիս կը շարունակեն կալանքի տակ մնալ աւելի քան 47 հազար կասկածեալներ: Աւելի քան 65 հազար մարդ աւելի ուշ ազատ արձակուած է, իսկ 41.500-ը առայժմ կը մնան իրաւապահներու հսկողութեան տակ:
Բացի ատկէ, ներքին գործոց նախարարը աւելցուցած է, որ 863 կասկածեալներ տակաւին փախստական վիճակի մէջ կը գտնուին:
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը իր կարգին կը հաղորդէ, որ Սոյլու յայտարարած է, որ վերջին վեց ամսուան ընթացքին թրքական զինեալ ուժերը Թուրքիոյ ամբողջ տարածքին Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) դէմ 12.500 գործողութիւն կատարած են:
Ան յայտնած է, որ գործողութիւնները տակաւին կը շարունակուին շարք մը նահանգներու մէջ:
Սոյլու նաեւ աւելցուցած է, որ վեց ամսուան ընթացքին թրքական զինեալ ուժերը երկրին արեւելքը եւ հարաւ արեւելքը ոչնչացուցած են ՔԱԿ-ի 887 թաքստոց:



