Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիոյ Մէջ «Լարուածութեան Մեղմացման» 4 Գօտիներու Ստեղծման Շուրջ Ռուսիա-Թուրքիա-Իրան Համաձայնութիւն

May 5, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ինթըրֆաքս-Ղազախստան» հաղորդեց, որ Ռուսիա, Իրան եւ Թուրքիա «Ասթանա-4» հանդիպումի լիագումար նիստին ընթացքին ստորագրած են Սուրիոյ մէջ «լարուածութեան մեղմացման գօտիներու ստեղծման շուրջ յուշագիր մը:

Փաստաթուղթը ստորագրած են պատուիրակութիւններու ղեկավարները. Ռուսիոյ կողմէ` սուրիական տագնապի լուծման հարցով Փութինի յատուկ պատուիրակ Ալեքսանտր Լաւրենթեւ, Թուրքիոյ կողմէ` Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի հարցերով արտաքին գործոց փոխնախարար Սետաթ Էօնալ, Իրանի կողմէ` արաբական-ափրիկեան երկիրներու գործերով արտաքին գործոց փոխնախարար Հիւսէյն Ժապերի Անսարի:

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին հաղորդեց, որ փաստաթուղթը կոչ կ՛ուղղէ մինչեւ 22 մայիս նշեալ շրջաններու քարտէսները պատրաստելու, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ 5 օրուան ընթացքին այդ նպատակով աշխատանքային խմբակ մը յառաջացնելու: Ըստ համաձայնութեան, երաշխաւոր երկիրները պարտաւոր են Սուրիոյ կառավարական ուժերուն ու ընդդիմութեան օգնել, որպէսզի վերջիններս շարունակեն ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի դէմ իրենց պայքարը:

Սուրիոյ զինեալ ընդդիմութեան պատուիրակութեան երկու անդամներ ցուցադրաբար լքեցին ժողովասրահը` բողոքելով Իրանի ստորագրութեան գոյութեան դէմ: Պատուիրակութիւնը աւելի ուշ յայտարարեց, որ Ասթանայի հոլովոյթի երաշխաւոր երեք երկիրներուն միջեւ գոյացած համաձայնութենէն անմասն է: Զինեալ ընդդիմութեան պատուիրակութեան ղեկավար Մոհամետ Ալլուշ կը բացակայէր լիագումար նիստէն:

3 մայիսին Սոչիի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան քննարկած էին լարուածութեան մեղմացման չորս գօտիներու հաստատումը` Իտլիպ նահանգին մէջ, Հոմս քաղաքէն դէպի հիւսիս, Արեւելեան Ղութայի մէջ եւ Սուրիոյ հարաւը: Ասթանայի ժողովին մասնակից աղբիւր մը «Սփութնիք»-ին յայտնած է, որ գործնականին մէջ վերոնշեալ չորս շրջաններուն ստեղծման յուշագիրին շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է, սակայն տակաւին տարակարծութիւն գոյութիւն ունի մէկ յօդուածի շուրջ:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց, որ Սուրիոյ մէջ մագլցումի մեղմացման գօտիները կը ներառեն Իտլիպի գիւղական ամբողջ շրջանը, ինչպէս նաեւ` Հալէպի, Լաթաքիոյ եւ Հոմսի գիւղական շրջաններէն բաժիններ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ, նախքան Ասթանայի մէջ համաձայնութիւն գոյանալը, յայտարարեց, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը համաձայն է երկրին մէջ «լարուածութեան մեղմացման շրջաններ»-ու ստեղծման` աւելցնելով, որ անվտանգութեան շրջաններու ստեղծումը պէտք է Սուրիոյ մէջ զինադադարի ամրապնդման կարեւոր քայլ դառնայ:

Լաւրով Ֆինլանտայի արտաքին գործոց նախարարին հետ իր միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսաւ, որ Ասթանայի մէջ կը քննարկուի «լարուածութեան մեղմացման շրջաններու» ստեղծման նոր գաղափար մը:

Ան յայտնեց, թէ Մոսկուա կը յուսայ, որ Ասթանայի մէջ Սուրիոյ շուրջ ընթացող բանակցութիւնները ունենան յաջող աւարտ մը: «Մենք մեծ յոյս ունինք, որ ներկայիս Ղազախստանի մայրաքաղաքին մէջ ընթացող ներկայ փուլը յաջողի զինադուլի ամրապնդման, խախտումներուն հակադարձելու մեքանիզմներու շուրջ համաձայնութեան եւ ականազերծման աշխատանքներու կատարման առումով», ըսաւ Լաւրով:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետը նաեւ յոյս յայտնեց, որ այս ամիս Ժընեւի մէջ սուրիական տագնապի քաղաքական լուծման դժուար հարցերուն նուիրուած բանակցութիւնները շարունակուին, եւ սուրիացի ժողովուրդը ինք ճշդէ իր ապագան:

Լաւրով նշեց. «Կարգ մը արեւմտեան պետութիւնները կը փորձեն Խան Շէյխունի մէջ քիմիական զէնքերու դէպքին հետաքննութիւնը ձգձգել»:

 

Նախորդը

Թիլըրսընի Եւ Չաւուշօղլուի Միջեւ Տեղի Ունեցած Է Լարուած Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Մը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Մէջ Առաքելութիւնը Մէկ  Օրուան Մէջ Աւարտեցինք, Սակայն Այդտեղ Մնացինք,  Որպէսզի Մեր Յաղթանակը Կարճատեւ Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Մէջ Առաքելութիւնը Մէկ Օրուան Մէջ Աւարտեցինք, Սակայն Այդտեղ Մնացինք, Որպէսզի Մեր Յաղթանակը Կարճատեւ Չըլլայ»

October 3, 2026
Ըստ Իսրայէլացի Պաշտօնատարի Մը.  Արաբական Միացեալ  Էմիրութիւնները Զայրացած Են
Միջազգային

Ըստ Իսրայէլացի Պաշտօնատարի Մը. Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Զայրացած Են

October 3, 2026
Ռիատի Մէջ Մեքքայի Համաձայնագիրի Անդամ  Երկիրներու Արտակարգ Ժողով` Հուսիներու Հետ  Քաղաքական Ներգրաւուածութեան Քննարկման Համար
Միջազգային

Ռիատի Մէջ Մեքքայի Համաձայնագիրի Անդամ Երկիրներու Արտակարգ Ժողով` Հուսիներու Հետ Քաղաքական Ներգրաւուածութեան Քննարկման Համար

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.