«Սփութնիք» լրատու գործակալութեան թրքական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր` քննադատելով թրքական բանակին կողմէ Իրաքի եւ Սուրիոյ հիւսիսային տարածքներուն դէմ կատարուած օդային հարուածները, նշած է, թէ Թուրքիան իր այդ քայլերով վտանգած է նաեւ ամերիկացի զինուորներուն կեանքերը:
«Բացի անկէ, որ անոնք իրենց գործողութիւնները չեն համակարգած տարածքին մէջ գտնուող դաշնակից ուժերուն հետ, անոնք փաստացիօրէն նաեւ վտանգած են այնտեղ գտնուող ամերիկացի զինուորներու կեանքը», ըսած է Թոնըր:
Ան նաեւ աւելցուցած է, որ իրենք ըմբռնումով կը մօտենան Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) գործունէութեան վերաբերեալ Թուրքիոյ ունեցած մտահոգութիւններուն ու ատոր դէմ Թուրքիոյ ծաւալած պայքարին, սակայն իւրաքանչիւր քայլ պէտք է համաձայնեցուած ու համակարգուած ըլլայ դաշնակից ուժերուն հետ:
Օրեր առաջ թրքական օդուժը հարուածած էր Սուրիոյ եւ Իրաքի հիւսիսային շրջանները, այս պատճառով ալ Սուրիոյ տարածքին մահացած էր քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու 18 զինեալ, իսկ Իրաքի մէջ` 8 քիւրտ զինեալ:



