Իսրայէլի ուժանիւթի նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Շաուլ Մերիտոր յայտնեց. «Իսրայէլ կ՛ուզէ իր բնական կազը դէպի Եւրոպա արտածել Թուրքիոյ ճամբով, եւ թրքական ու իսրայէլեան կողմերը այժմ կը սերտեն գործողութեան մանրամասնութիւնները»:
«Թրքական եւ իսրայէլեան կողմերը յառաջիկայ քանի մը շաբթուան ընթացքին պիտի ունենան շարք մը հանդիպումներ` քննարկելու համար Թուրքիոյ ճամբով արտածուելիք իսրայէլեան բնական կազին գինին ու ծաւալին վերաբերող հարցեր», ըսաւ ան` յոյս յայտնելով, որ յառաջիկայ քանի մը շաբթուան ընթացքին երկու կողմերուն միջեւ համաձայնութիւն գոյանայ:
Մերիտոր յայտնեց, որ Իսրայէլ կը զօրակցի Թուրքիոյ` Միջերկրական ծովուն մէջ կատարած բնական կազի պեղման` յոյս յայտնելով, որ Թուրքիան յաջողի յաւելեալ բնական կազի պահեստներ գտնել, «եւ ատիկա մեզ պիտի ուրախացնէ»: