«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ՏԱՀԵՇ ստանձնած է Աֆղանիստանի մայրաքաղաք Քապուլի մէջ ՕԹԱՆ-ի զինուորներուն դէմ նախանցեալ օր կատարուած յարձակումին պատասխանատուութիւնը:
ՏԱՀԵՇ-ի անդամը ինքզինք պայթեցուցած է ՕԹԱՆ-ի զինուորներ փոխադրող մեքենաներու շարասիւնին մօտ: Պայթումը տեղի ունեցած է Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան մօտ: Պայթումին պատճառով արձանագրուած է 8 զոհ եւ 28 վիրաւոր:
Քապուլի պետական առողջութեան մարզի պաշտօնեաներուն համաձայն զոհերը քաղաքացիներ եղած են: Վիրաւորներու շարքին կայ երեք ամերիկացի զինուոր: