Թրքական Իշխանութիւնները Ձերբակալած Են «Ճումհուրիյէթ»-ի Կայքի Գլխաւոր Խմբագիրը
Թրքական «Տիքեն» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած է ընդդիմադիր «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթի կայքի գլխաւոր խմբագիր Օղուզ Կիւվենը: Վերջինս «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է. «Զիս կը ձերբակալեն»: «Ճումհուրիյէթ»-ի կայքի խմբագիրը կը մեղադրուի Թուրքիոյ մէջ 15 յուլիս 2016-ի զինուորական յեղաշրջման փորձի կազմակերպիչ նկատուող իսլամ քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենի «Հիզմեթ» շարժումին անդամ ըլլալու, ինչպէս նաեւ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան հետ կապեր ունենալու ամբաստանութեամբ: 11 նոյեմբեր...




















