Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրքական Իշխանութիւնները Ձերբակալած Են «Ճումհուրիյէթ»-ի Կայքի Գլխաւոր Խմբագիրը

May 13, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թրքական «Տիքեն» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած է ընդդիմադիր «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթի կայքի գլխաւոր խմբագիր Օղուզ Կիւվենը: Վերջինս «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է. «Զիս կը ձերբակալեն»:

«Ճումհուրիյէթ»-ի կայքի խմբագիրը կը մեղադրուի Թուրքիոյ մէջ 15 յուլիս 2016-ի զինուորական յեղաշրջման փորձի կազմակերպիչ նկատուող իսլամ քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենի «Հիզմեթ» շարժումին անդամ ըլլալու, ինչպէս նաեւ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան հետ կապեր ունենալու ամբաստանութեամբ:

11 նոյեմբեր 2016-ին թրքական ոստիկանութիւնը նաեւ Անգարայի մէջ յատուկ գործողութիւն կատարած էր «Ճումհուրիյէթ»-ի աշխատակիցներուն դէմ: Խուզարկուած էին թերթի տնօրէնի, խմբագիրներու եւ շարք մը սիւնակագիրներու տուները:

«Ճումհուրիյէթ»-ի գլխաւոր խմբագիրի ձերբակալման վերաբերեալ իր մտահոգութիւնը յայտնած էր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճոն Քըրպի: Նոյնպիսի յայտարարութիւն կատարած էր Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլց` դատապարտելով ընդդիմադիր օրաթերթի խմբագիրին ձերբակալութիւնը:

Միւս կողմէ, թրքական «Հապերլեր» կայքը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու ազգային հետախուզութեան տնօրէն Տանիէլ Քոց 11 մայիսին Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին մէջ տեղի ունեցած լսումներուն ընթացքին յայտնած է, որ 2017-ին կրնայ սրիլ թրքական իշխանութիւններուն կողմէն լրատուամիջոցներու դէմ կատարուող ճնշումներուն ու խօսքի ազատութեան սահմանափակումին պատճառով ստեղծուած լարուածութիւնը:

Քոցի խօսքով` այդ լարուածութիւնը կրնայ աճիլ բաւական կարճ ժամանակի մէջ: Ըստ անոր, Թուրքիոյ մէջ իշխանութիւններուն կողմէ խօսքի ազատութեան սահմանափակման քայլերը կրնան յանգեցնել ժողովրդական ընդվզումի:

Նշենք, որ թրքական իշխանութիւնները երէկ թրքախօս սակարանին դէմ կատարուած գործողութեան մը ընթացքին ձերբակալեցին 57 անձեր:

Նախորդը

Փեքինի Մէջ Թուրքիա-Ռուսիա-Չինաստան Վեհաժողով

Յաջորդը

«Թուրքիոյ Վարչապետին Հետ Համաձայնութիւն Գոյացուցի Յարաբերութիւններու Բարելաւման Կարեւորութեան Շուրջ» Կ՛ըսէ Կապրիէլ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.