«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարած է, որ պիտի ողջունէ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) համագործակցութիւնը Աբխազիոյ հետ:
«Ինչ կը վերաբերի ՀԱՊԿ-ին, ապա մենք, ի հարկէ, պիտի ողջունենք այդ կառոյցին համագործակցութիւնը Աբխազիոյ հանրապետութեան հետ», ըսած է ան` Աբխազիոյ նախագահ Ռաուլ Հաճիմպայի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:
Լաւրով նաեւ նշած է, որ ՀԱՊԿ-ն կազմակերպութիւն մըն է, որ կոչուած է ապահովելու իր կազմին մէջ ընդգրկուած երկիրներուն անվտանգութիւնը: