Եւրոպական Միութեան նախագահող Մալթայի վարչապետ Ժոզեֆ Մուսքաթ յայտնուած է Ազրպէյճանի հետ կապուած հերթական փտածութեան գայթակղութեան կեդրոնը: Այս մասին կը գրէ բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը` շեշտելով, որ Փանամայի թուղթերուն մէջ տեղեկութիւններ կան, որ Մուսքաթ գումարներ ստացած է Ազրպէյճանի նախագահի դուստրէն:
«Մալթայի «Փիլաթուս» դրամատան մէջ հաշիւներ կը պահուէին արտերկրային կեղծ ընկերութիւններու համար, որոնք կը պատկանէին Մուսքաթի կնոջ, Աշխատաւորական կուսակցութենէն անոր երկու դաշնակիցներուն, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի նախագահի աղջկան` Լէյլա Ալիեւային», կը նշուի յօդուածին մէջ:
Գայթակղութիւնը նոր զարգացում ապրած է այս տարուան 20 ապրիլին, երբ հետաքննող լրագրող Տաֆըն Քարուանա Կալիցիա իր պլոկին մէջ այս նիւթով նոր հրապարակում կատարած է` նշելով, որ Մալթայի մէջ արձանագրուած արտերկրային ընկերութիւններէն մէկը` «Էկրանթ»-ը կը պատկանի վարչապետին կնոջ` Միշել Մուսքաթին:
Լրագրողը բացայայտած է, որ այդ ընկերութեան վարկերու տեսքով ուղղուած են մեծ գումարներ, որոնցմէ մեծագոյն փոխանցումը` 1 միլիոն 17 հազար տոլար, կատարուած է այս տարուան մարտին` «Ալ Սահարա ՖԶՔՕ» ընկերութեան կողմէ, որ լրագրողին պնդումով կը պատկանի Իլհամ Ալիեւի դստեր:
«Այս կապը զարմանք կը պատճառէ, որովհետեւ երկու երկիրները նշանակալի համագործակցութիւն ունին ուժանիւթի մարզին մէջ: Ազրպէյճանի պետական նաւթային ընկերութիւնը Մալթայի մէջ կառուցուող ուժանիւթի նոր կայանի բաժնետէրերէն է: Մուսքաթ եւ իր կինը կը հերքեն «Էկրանթ» ընկերութեան հետ ունեցած կապերը եւ կը պատրաստուին դատի տալ լրագրողը զրպարտութեան համար», կը նշէ «Տը Կարտիըն»:
Յօդուածին մէջ նաեւ կը շեշտուի, որ Մալթայի մէջ յառաջիկայ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 3 յունիսին, իսկ այսպիսի գայթակղութիւնները բացասական ազդեցութիւն կ՛ունենան վարչապետին գլխաւորած Աշխատաւորական կուսակցութեան կարելիութիւններուն վրայ: Բրիտանական օրաթերթը կը յիշեցնէ նաեւ, որ Փանամայի թուղթերուն մէջ յայտնաբերուած տեղեկութիւններուն պատճառով մէկ տարի առաջ հրաժարական տուած էր Իսլանտայի վարչապետը: