Թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ին անդամակցելու համար դատարանին առջեւ կանգնած 7 զինեալներ արդարացուած են ու ազատ արձակուած:
Թուրքիոյ Քոճայելի նահանգի առանձնակի ծանր յանցագործութիւններու թիւ 2 դատարանին մէջ Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Չինաստանի քաղաքացի ՏԱՀԵՇ-ի անդամները ազատ արձակուած են ինքնին դատարանի դահլիճէն:
Ամիր Էլիհօղլու, Վահիտ Ձիաուտինով, Ումաար Եուսուֆի, Ահմետ Ատնան, Ասլանպեք Փաշայեւ, Օմար Հասանով եւ Մաժրպեք Իմամուրզայեւ իրենց մեղքը չեն ընդունած եւ նշած են, որ երկու տարի առաջ Սուրիա անցած են իրենց թուրքմեն ազգականներուն հետ տեսակցելու նպատակով:
Թրքական դատարանը մեղադրեալներուն դէմ ներկայացուած փաստերը նկատած է անբաւարար:
Թրքական ընդդիմադիր մամուլը, սակայն, մեղադրեալներուն ազատ արձակումը կը նկատէ գայթակղալից միջադէպ եւ գործով զբաղող դատաւորներուն վճիռը կը նկատէ ոչ առարկայական: