Միջազգային Դաշինք. «Ուաշինկթըն Թուրքիան Տեղեակ Պիտի Պահէ Քիւրտերուն Տրամադրուած Զէնքերուն Մանրամասնութիւններէն»
ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի միջազգային դաշինքը յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն Թուրքիան տեղեակ պիտի պահէ Ռաքքայի ազատագրման գործողութեան համար քրտական ուժերուն իր տրամադրած զէնքերուն մանրամասնութիւններէն: Ամերիկեան ղեկավարութեամբ դաշինքը նաեւ յայտնեց, որ շրջանին մէջ գտնուող ամերիկացի զինուորներ պիտի հսկեն այդ զէնքերու օգտագործման վրան, եւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի նպատակէն այլ նպատակներու համար անոնց օգտագործումը նշմարելու պարագային Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն նոր զէնքեր պիտի չտրամադրուին: Դաշինքը ընդգծեց,...



















