Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ երէկ ռուսական ծովուժի «Ծովակալ Իսին» եւ «Կրասնոտար» սուզանաւերը «Քալիփըր» տիպի թեւաւոր չորս հրթիռներ արձակած են Փալմիրի մօտ գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերուն դէմ:
Նախարարութիւնը նշեց, որ հրթիռները հարուածած են Ռաքքայէն Փալմիր ուղղուող մեքենաներ ու զինեալներ` աւելցնելով, որ «Կրասնոտար» սուզանաւը հրթիռարձակումը կատարած է ծովուն տակէն:
Ռուսիա նաեւ հաղորդեց, որ նախքան այդ գործողութենէն տեղեակ պահած է Միացեալ Նահանգները, Թուրքիան եւ Իսրայէլը:
Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու յաջողութեամբ պսակուած գործողութենէն տեղեակ պահած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը:



