Ներկայիս Թուրքիոյ տարածքին գտնուող Ուրֆա նահանգի Հալիլիէ շրջանին մէջ տեղական ինքնակառավարման մարմինը շրջանի բոլոր արհեստագործներուն պարտադրած է իրենց խանութներուն վրայ փակցնել թրքական դրօշը:
Թրքական «Էվրենսել» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ այս հրամանը Հալիլիէի բնակիչներուն կողմէ հակասական արձագանգներու պատճառ դարձած է, իսկ Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան Ուրֆայի գրասենեակի նախագահ Ազիզ Այտընլըք նշած է, որ ստիպողաբար դրօշ կախելու իմաստը չեն կրնար հասկնալ:
Թուրքիոյ աշխատաւորական կուսակցութեան Ուրֆայի գրասենեակի ղեկավար Ճեմալեթթին Էօզտեն իր կարգին բացատրած է, որ Ուրֆայի պէս նահանգի մը մէջ այդպիսի որոշումները այդքան ալ նպատակայարմար չեն, եւ քաղաքացիներուն բան մը ստիպելու այս քաղաքականութեան միջոցով անկարելի է տարածքին մէջ խաղաղութեան հասնիլ:
«Դրօշը մեր երկիրի ընդհանուր ազգային արժէքն է, սակայն այնպիսի վայրի մը մէջ, ինչպիսին Ուրֆան է, ուր կան տարբեր կրօններու եւ աշխարհայեացքներու տէր բնակիչներ, այդպիսի ստիպողական քաղաքականութիւն մը անընդունելի է», ըսած է Էօզտեն:
Թուրքիոյ մէջ Մարդու իրաւունքներու կազմակերպութեան Ուրֆայի մասնաճիւղի ղեկավար Աթիլլա Եազար յայտարարած է, որ նահանգապետարանի խնդիրը պէտք է ըլլայ ոչ թէ այդպիսի օրէնքներու սահմանումը, այլ քաղաքացիներու հանդէպ ունեցած պարտաւորութիւններու կատարումը: