Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, թէ «Ռուսիան շատ մտահոգ է հարաւային Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարած Միջազգային դաշինքին կողմէ հարուածներու ենթարկուելէ»: Ան Ուաշինկթընին կոչ ուղղեց` «մասնակցելու Սուրիոյ մէջ լարուածութեան մեղմացման շրջաններու սահմաններու ճշդման աշխատանքին»` դիտել տալով, որ Մոսկուան պիտի ողջունէ նման քայլ մը: «Այդ մէկը մօտ օրէն պիտի քննարկուի Ասթանայի հոլովոյթի ծիրին մէջ կայանալիք ժողովին ընթացքին»:
Անդրադառնալով Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Մաքրոնի` ռուսական «Ռաշա Թուտէյ» եւ «Սփութնիք» լրատուամիջոցները կեղծ լուրերու հրապարակման մէջ մեղադրելուն, ռուսական դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ այդ մէկը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի շղթայազերծած հակառուս արշաւին շարունակութիւնն է` աւելցնելով, որ այդ արշաւին մասնակցած են նաեւ այլ երկիրներ, ներառեալ` եւրոպական, եւ «մեր արեւմուտքցի գործընկերները անկարող են դուրս գալ այդ արշաւէն»: «Յայտարարութիւններուն ճշմարտացիութեան որեւէ փաստ գոյութիւն չունի», հաստատեց ան:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Մտահոգ ենք, որովհետեւ Թրամփի վարչակազմին հետ համագործակցութիւնը տակաւին Ուաշինկթընի հետ յարաբերութիւններու բարելաւման չյանգեցաւ»:
 
			


