Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անգարա Եւ Ուաշինկթըն Իրենց Միջնորդութիւնը Կ՛առաջարկեն. Շարք Մը Արաբական Երկիրներ Կը Խզեն Քաթարի Հետ Իրենց Յարաբերութիւնները

Յունիս 6, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շարք մը արաբական երկիրներ, ներառեալ Սէուտական Արաբիան, Եգիպտոսը, Պահրէյնը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Մալտիւի հանրապետութիւնը, Մորիսիոսի հանրապետութիւնը, Լիպիոյ ժամանակաւոր կառավարութիւնը եւ Եմէնի սէուտամէտ կառավարութիւնը, խզեցին Քաթարի հետ իրենց դիւանագիտական յարաբերութիւնները: Անոնք յայտնեցին, որ Քաթար կ՛աջակցի ահաբեկչական խմբաւորումներու, ներառեալ ՏԱՀԵՇ-ը եւ Քայիտան: Եմէնի մէջ հուսիներու դէմ պայքարող Արաբական դաշինքը իր կարգին յայտարարեց, որ Քաթարը կը վտարէ իր շարքերէն:

Որոշումին հրապարակումէն ետք Քաթարի սակարանը աւելի քան 7 առ հարիւրի անկում մը կրեց եւ քաթարցիք հանրախանութներ խուժեցին` սննդեղէն եւ այլ անմիջական կարիքներու պահեստներ ապահովելու համար, որովհետեւ Քաթար սննդեղէնի արտադրութիւնները կը գնէ Սէուտական Արաբիայէն: Լուրին հրապարակումէն ետք նաեւ բարձրացան քարիւղի միջազգային գիները:

Սէուտական պետական լրատու գործակալութիւնը` ՍՓԱ-ն հաղորդեց, որ Ռիատ փակած է Քաթարի հետ իր օդային, ցամաքային եւ ծովային սահմանները: Պաշտօնատարներ ՍՓԱ-ին յայտնեցին, որ որոշումը որդեգրուած է «երկրին ազգային ապահովութիւնը պաշտպանելու համար ահաբեկչութեան եւ ծայրայեղականութեան վտանգներէն»: Լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սէուտական Արաբիոյ մշակոյթի եւ տեղեկատուութեան նախարարութիւնը որոշած է չեղեալ նկատել քաթարական «Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանին արտօնագիրը եւ փակել անոր գրասենեակը:

Աղբիւրը յայտնեց, որ դիւանագիտական յարաբերութեանցց» խզման որոշումը հետեւանքն է Քաթարի` «անցեալ տարիներու ամբողջ ընթացքին բացայայտ եւ ծածուկ ոտնձգութեանց», ներառեալ սէուտական ընկերութիւնը պառակտելու եւ պետութեան դէմ ըմբոստութիւն հրահրելու, գերիշխանութիւն ոտնահարելու փորձերը, շրջանի կայունութիւնը քայքայելու նպատակով ահաբեկչական ու յարանուանական բազմաթիւ խմբաւորումներու, որոնց շարքին Իսլամ եղբայրներուն, ՏԱՀԵՇ-ին, Քայիտային ապաստան տալը, իր լրատուամիջոցներուն ճամբով միշտ անոնց քարոզչութիւնը կատարելը, ինչպէս նաեւ Քաթիֆ նահանգին մէջ Իրանի հովանաւորութիւնը վայելող խմբաւորումներուն աջակցիլը:

Ան աւելցուց, որ Քաթար Պահրէյնի մէջ ծայրայեղականներ կը ֆինանսաւորէ եւ անոնց ապաստան կու տայ, ինչպէս նաեւ Եմէնի մէջ հուսիներուն կ՛օժանդակէ նոյնիսկ Արաբական դաշինքին կազմութենէն ետք: Ան նշեց, որ Ռիատ այս որոշումը որդեգրած է` առ ի զօրակցութիւն Պահրէյնի, որ «Տողայի իշխանութիւններուն» աջակցութիւնը վայելող արշաւներու եւ ահաբեկչական գործողութիւններու թիրախ կը դառնայ:

Ըստ պատասխանատու աղբիւրին, այսուհետեւ սէուտցի քաղաքացիներուն կ՛արգիլուի այցելել Քաթար, այդտեղ բնակիլ, այդ երկրէն անցնիլ, իսկ այդտեղ բնակողներն ու այցելողները պէտք է մինչեւ 14 օր հեռանան Քաթարէն: Ինչպէս նաեւ ապահովական պատճառներով առ ի զգուշութիւն կ՛արգիլուի քաթարցի քաղաքացիներուն Սէուտական Արաբիա մուտք գործելը, այդտեղէն անցնիլը, իսկ Սէուտական Արաբիա բնակող կամ այցելող քաթարցիները պէտք է մինչեւ 14 օր հեռանան: Բացառութիւն են Մեքքայի մէջ ուխտագնացութեան մասնակցող քաթարցիները: Սէուտական նաւահանգիստներու հիմնարկը յայտարարեց, որ Քաթարի դրօշը բարձրացուցած որեւէ նաւու կ՛արգիլուի մուտք գործել սէուտական նաւահանգիստներ:

Քաթարի հետ յարաբերութիւնները խզած երկիրներու օդանաւային ընկերութիւնները, ներառեալ «էճիփթ Էր», «Իթթիհատ», «Էմիրէյց», «Ֆլայ Տուպայ», պահրէյնեան «Խալիժ» եւ «Արապիյա» օդանաւային ընկերութիւնները դադրեցուցին դէպի Տոհա թռիչքները: Ծոցի երկիրները նաեւ յայտարարեցին, որ իրենց օդային տարածքները կը փակեն «Քաթար Էրուէյզ» ընկերութեան օդանաւերուն դիմաց: Վերջինս յայտարարեց, որ կ՛առկախէ դէպի Սէուտական Արաբիա իր թռիչքները:

Եգիպտոս Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ժուպէյրի կիրակի օր Գահիրէ այցելելէն ժամեր ետք Քաթարի հետ իր յարաբերութիւնները խզելով յայտարարեց, որ այդ մէկը հետեւանք է Եգիպտոսի նկատմամբ Քաթարի թշնամական վերաբերմունքին եւ ահաբեկչական խմբաւորումներու, նախ եւ առաջ Իսլամ եղբայրներուն աջակցելուն, Քայիտայի ու ՏԱՀԵՇ-ի գաղափարները ջատագովելուն եւ Սինայի մէջ ահաբեկչական գործողութիւններուն աջակցելուն, ինչպէս նաեւ յամառօրէն Եգիպտոսի ներքին գործերուն միջամտելուն:

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ Եգիպտոս քաթարցի դիւանագէտներուն իրենց հողերէն հեռանալու համար 48 ժամուան պայմանաժամ մը ճշդեցին:

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ իրեն հետ յարաբերութիւնները խզելու որոշումը արդարացուած չէ եւ հիմնուած է անհիմն պնդումներու վրայ` աւելցնելով, որ իր դէմ որդեգրուած միջոցառումները պիտի չազդեն իր քաղաքացիներուն ու իր հողերուն վրայ բնակողներուն կեանքի բնականոն ընթացքին վրայ:

Նախարարութիւնը նշեց, որ ինք թիրախ դարձած է ստապատիր ամբաստանութեանց արշաւի մը, որուն նպատակը պետութեան վնաս հասցնելն է: «Նպատակը յստակ է. պետութեան վրայ հոգատարութեան հաստատումն է, ինչ որ կտրուկ կերպով մերժելի է»:

Քաթարի նախարարաց խորհուրդը յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններն ու Եգիպտոսը իրենց որոշումին ճամբան հարթած են լայնածաւալ ու անարդար քարոզչական արշաւով մը` շեշտելով, որ Քաթար պիտի շարունակէ հաւատարիմ մնալ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի սկզբունքներուն:

Միջազգային Արձագանգներ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն յայտնեց, որ ինք չի նախատեսեր, որ Քաթարի հետ յարաբերութեանց խզումը ազդէ ծայրայեղականներուն դէմ պայքարին վրայ: Ան Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդին կոչ ուղղեց` պահպանելու իր միասնականութիւնը եւ միասնաբար աշխատելու տարակարծութիւններու լուծման վրայ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը յայտնեց. «Ուաշինկթըն պատրաստ է Ծոցի շրջանի տարակարծութիւնները լուծելու համար որեւէ դեր կատարելու»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ շարք մը արաբական երկիրներու կողմէ Քաթարի հետ յարաբերութիւններու խզումը անոնց սեփական որոշումն է, եւ բոլոր երկիրներուն կոչ ուղղեց երկխօսութիւն կատարելու:

Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին յայտարարեց, որ Քաթարի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները խզելու որեւէ ծրագիր չունի:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ցաւ յայտնեց պատահածին համար` շեշտելով. «Պատրաստ ենք Ծոցի երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները վերստին բնականոնացնելու համար օժանդակելուն համար, եւ մեր ջանքը պիտի թափենք հարցերը իրենց բնական վիճակին վերադարձնելու ուղղութեամբ»:

Իրանի Կեցուածքը

Քաթարի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու խզման յայտարարութենէն ետք, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ Ինտոնեզիոյ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն հետ` քննարկելով շրջանային վերջին զարգացումները: Ան նաեւ «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց. «Դրացիները հաստատ են, աշխարհագրութիւնը կարելի չի փոխել, եւ ստիպելը բացարձակապէս լուծում չէ: Երկխօսութիւնը անխուսափելի է, մասնաւորաբար Ռամատանի օրհնեալ ամսուան ընթացքին»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը մտահոգութիւն յայտնեց Ծոցի շրջանին մէջ լարուածութեան առնչութեամբ` նշելով. «Սէուտական Արաբիան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններն ու Պահրէյնը պէտք է Քաթարի հետ իրենց տարակարծութիւնները անկեղծ երկխօսութեան ճամբով լուծեն»:

Իրանի վարչակարգի շահերու ճշդման խորհուրդի քարտուղար Մուհսեն Ռիտայի իր կարգին «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց, որ Սէուտական Արաբիոյ թագաւորը «մտադիր է Քաթարի մէջ զինուորական միջամտութիւն կատարել կամ յեղաշրջումի աջակցիլ, սակայն պիտի զղջայ»:

Ան առաջարկեց Քաթարի հարցը լուծելու համար Պաղտատի մէջ Իրանի, Իրաքի եւ Թուրքիոյ մասնակցութեամբ գումարել ժողով մը, որուն հրաւիրել նաեւ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամները:

Ան այլ գրառումի մը մէջ նշեց, որ Սէուտական Արաբիոյ Սալման Պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը կ՛ուզէ Պահրէյնէն ետք իր իշխանութեան տակ առնել Քաթարը եւ «զայն կլլել, ճիշդ ինչպէս Սատտամը փորձեց Քուէյթը կլլել, եւ ՏԱՀԵՇ-ը փորձեց Սուրիան եւ Իրաքը կլլել, որպէսզի, իրենց ըսածին համաձայն, թուրքերուն եւ պարսիկներուն դէմ դնող միայն երկու կամ երեք արաբական երկիր մնան»: «Սէուտական այս տգէտ ու յետամնաց գաղափարները ամերիկեան-իսրայէլեան ներշնչում ունին, որպէսզի շրջանին մէջ խաղաղութիւն ու եղբայրութիւն գոյութիւն չունենան»:

Ռիտայի յիշեցուց Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիի մէկ օր առաջ ըսած խօսքը. «Տարակարծութիւնները պէտք է լուծուին երկխօսութեամբ, սակայն Սէուտական Արաբիան միայն արիւնահեղութեան մասին կը մտածէ»:

Իրանի խորհրդարանի ազգային անվտանգութեան յանձնախումբի նախագահ Ալաէտտին Պորուժերտի իր կարգին յայտնեց. «Շրջանի երկիրներուն միջեւ լարուածութիւնը ամերիկեան միջամտութեան արդիւնքն է, եւ Իրան միշտ կը հաւատայ, որ շրջանի հարցերը պէտք է լուծուին նոյնինքն շրջանի երկիրներուն կողմէ»:

Նախորդը

Թուրքիոյ Երեսուն Գիւղերու Մէջ Փողոց Դուրս Գալու Արգելք Յայտարարուած Է

Յաջորդը

Հարաւային Լիբանանի Մէջ. Հայկական Խաղաղապահ Ուժերու Հերթափոխի Պաշտօնական Արարողութիւն

RelatedPosts

Թրամփ. «Իսրայէլ Մէկ Խօսքովս Կրնայ Կազայի Մէջ Կռիւը Շարունակել, Եթէ Համաս Զինադադարի Համաձայնութիւնը Չյարգէ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իսրայէլ Մէկ Խօսքովս Կրնայ Կազայի Մէջ Կռիւը Շարունակել, Եթէ Համաս Զինադադարի Համաձայնութիւնը Չյարգէ»

Հոկտեմբեր 17, 2025
Թրամփ. «Հնդկաստանի Վարչապետը Յայտնեց, Թէ Իր Երկիրը Ռուսական Քարիւղ Պիտի Չգնէ»
Միջազգային

Թրամփ. «Հնդկաստանի Վարչապետը Յայտնեց, Թէ Իր Երկիրը Ռուսական Քարիւղ Պիտի Չգնէ»

Հոկտեմբեր 17, 2025
Քրեմլին. «Փութինի Սուրիա Այցելութիւնը Երէկուան Բանակցութիւններուն Ընթացքին Չքննարկուեցաւ»
Միջազգային

Քրեմլին. «Փութինի Սուրիա Այցելութիւնը Երէկուան Բանակցութիւններուն Ընթացքին Չքննարկուեցաւ»

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?