Սուրիական զինուորական աղբիւր մը «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտնած է, որ սուրիական բանակը վերականգնած է Մեսքենէի վրայ իր վերահսկողութիւնը` ոչնչացնելով Հալէպ նահանգի արեւելքը ՏԱՀԵՇ-ի մեծագոյն կեդրոնը:
«Կառավարական զօրքերն ու անոնց դաշնակից ուժերը վերականգնած են լիարժէք վերահսկողութիւնը Մեսքենէի մէջ` ոչնչացնելով ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկիչներուն մեծագոյն յենակէտը», ըսած է աղբիւրը:
Աղբիւրին համաձայն, արդէն բնակավայր հասած են սակրաւորները, որոնք սկսած են պայթուցիկ սարքերու եւ ականներու որոնման ու վնասազերծման աշխատանքներուն: