Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Զիկմար Կապրիէլ յայտարարած է, որ արդէն յառաջիկայ օրերուն Գերմանիա իր զինուորները պիտի հեռացնէ Թուրքիոյ Ինճիրլիք ռազմակայանէն: Այս մասին կը գրէ թրքական «Անահապեր» կայքը:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու մէկ օր առաջ յայտարարած էր, որ Թուրքիա առաջուան նման հաւատարիմ կը մնայ իր որոշումին եւ արտօնութիւն պիտի չտրամադրէ գերմանացի պաշտօնատարներուն այցելելու Ինճիրլիք:
Նոյն օրը Կապրիէլ յայտնած էր, որ Գերմանիոյ խորհրդարանը խնդիրին վերաբերեալ գրաւոր հարցում պիտի ուղղէ երկրի կառավարութեան եւ հաւանութեան արժանանալու պարագային իր զինուորները պիտի հեռացնէ Թուրքիայէն:
Ծանօթ է, որ Գերմանիոյ խորհրդարանը համապատասխան որոշումը պիտի որդեգրէ 19 յունիսին:
Թուրքիա կը պնդէ, որ գերմանացի երեսփոխաններուն պիտի արգիլուի մուտք գործել Ինճիրլիք, այնքան ատեն, որ Պերլին չէ փոխած իր բացասական վերաբերմունքը Անգարայի նկատմամբ:
Նախապէս Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած էր, որ Թուրքիա պատրաստ է «հրաժեշտ տալու» Գերմանիոյ, եթէ Պերլին որոշէ Ինճիրլիք ռազմակայանէն տուն կանչել իր զինուորները: