Միացեալ Նահանգներու վերաքննիչ դատարանը ուժի մէջ պահեց ստորին ատեանի դատական վճիռը, որ կ՛արգելափակէ միջինարեւելեան եւ Հիւսիսային Ափրիկէի վեց պետութիւններու քաղաքացիներու Միացեալ Նահանգներ մուտքի ժամանակաւոր արգելքի մասին` նախագահ Տանըլտ Թրամփի մեղմացուած հրամանագիրը:
6 մարտին ստորագրուած մեղմացուած հրամանագիրը կը վերաբերէր Իրանի, Լիպիոյ, Սոմալիի, Սուտանի, Սուրիոյ եւ Եմէնի` առաւելաբար իսլամ բնակչութեամբ երկիրներու քաղաքացիներուն, երկիրներ, որոնք Սպիտակ տունը կը նկատեն ահաբեկչութեան օճախներ: Հրամանագիրին 27 յունուարին ստորագրուած առաջին տարբերակը կը ներառէր նաեւ Իրաքը:
«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ վերաքննիչ դատարանի երեք դատաւորները իրենց որոշումին մէջ գրած են. «Ներգաղթի հարցերը, նոյնիսկ նախագահին համար, պէտք չէ դառնան մէկ դերասանի թատրոն»: Դատարանի վճիռին մէջ նաեւ ըսուած է, որ նախագահը չէ կրցած հիմնաւորել, թէ հրամանագիրին մէջ յիշատակուած երկիրներէն քաղաքացիներու, ինչպէս նաեւ տեղահանուածներու մուտքը կը վնասէ Միացեալ Նահանգներու շահերուն:
Կառավարութիւնը կը պնդէր, որ վերոնշեալ երկիրներէն ներգաղթի ժամանակաւոր արգելքը անհրաժեշտ է Միացեալ Նահանգներու տարածքին մէջ ահաբեկչական գործողութիւններու կանխարգիլման միջոցներու մշակման ընթացքին:



