Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ, ակնարկելով Ծոցի շրջանին մէջ ստեղծուած ճգնաժամին, յայտնեց. «Թուրքիան ներկայիս դիւանագիտական աշխուժ եռուզեռի մէջ է կանխարգիլելու համար շրջանի երկիրներուն միջեւ վիհի խորացումը»:
«Թուրքիա շրջանի մնացեալ ղեկավարներուն հետ կը շարունակէ կոչ ուղղել հանդարտ մնալու եւ Ծոցի շրջանի ճգնաժամը վնասազերծելու», ըսաւ ան:
Թուրքիոյ վարչապետը զգուշացուց Արաբական ծոցի շրջանի տարակարծութեան շրջանային ճգնաժամը միջազգային շատ մեծ ճգնաժամի վերածուելուն վտանգէն` նկատի ունենալով Արաբական ծոցի շրջանի աշխարհաքաղաքական կարեւորութիւնը: Ան բոլորին կոչ ուղղեց «ճգնաժամը մեղմացնելու համար պատասխանատուութեամբ վարուելու»: