Մարոքի Մոհամետ Զ. թագաւորը քաթարեան ճգնաժամի բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց` լարուածութիւնը նուազեցնելու համար ինքնազսպումի դիմելու եւ իմաստութիւն ունենալու:
Մարոքի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, թագաւորը առնչակից կողմերուն նաեւ կոչ ուղղեց տագնապի դրդապատճառները Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի ոգիին համահունչ եւ վերջնականապէս լուծելու:
Մարոքի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Ռապաթ պատրաստ է տագնապի լուծման համար միջնորդութիւն կատարելու` աւելցնելով, որ թագաւորութիւնը, հակառակ աշխարհագրական հեռաւորութեան, բոլոր մարզերուն մէջ ուժեղ յարաբերութիւններ ունի Արաբական ծոցի երկիրներուն հետ, ուստի «ինքզինք սերտօրէն առնչուած կը զգայ այս տագնապին, եւ կը նախընտրէ դրական չէզոքութիւն մը, որ զինք եղբայրական երկիրներու միջեւ այս մտահոգիչ գահավիժումին մէջ դիտողութենէ զուրկ կը պահէ»:
«Եթէ կողմերը փափաք յայտնեն, ապա Մարոք պատրաստ է ներքին հարցերուն միջամտելու, կրօնական ծայրայեղութեան ու ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու, կեցուածքներու յստակութեան ու յանձնառութեանց նկատմամբ հաւատարմութեան հիմամբ անկեղծ եւ համապարփակ երկխօսութեան քաջալերման համար ջանքեր թափելու», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:



