Միջազգային

Մքկըրք. «Իրաքի Քրտական Ինքնավար Մարզի  Անկախութեան Հանրաքուէն  Ճիշդ Ժամանակին Չէ Ծրագրուած»

Մքկըրք. «Իրաքի Քրտական Ինքնավար Մարզի Անկախութեան Հանրաքուէն Ճիշդ Ժամանակին Չէ Ծրագրուած»

ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի գծով Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ Պրետ ՄքԿըրք մեկնաբանած է Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի հաւանական անկախութեան շուրջ հանրաքուէն: Թրքական «կազեթէտուվար» կայքը կը հաղորդէ, որ ամերիկացի պաշտօնատարը յայտարարած է, որ ներկայ պահուս ճիշդ եւ յարմար չի գտներ Քիւրտիստանի անկախացումը, եւ կը կարծէ, որ ատիկա կրնայ շրջանին մէջ ստեղծել նոր խնդիրներ: ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի միջազգային դաշինքի անդամ 72 երկիրներու ներկայացուցիչներու` Ուաշինկթընի...

Ուաշինկթըն Թուրքիոյ Յիշեցուցած Է  Ժողովրդավարութեան  Պահպանման Կարեւորութիւնը

Ուաշինկթըն Թուրքիոյ Յիշեցուցած Է Ժողովրդավարութեան Պահպանման Կարեւորութիւնը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն հրապարակած է` Թուրքիոյ մէջ 15 յուլիսին տեղի ունեցած զինուորական յեղաշրջման առաջին ամեակին առիթով: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ յայտարարութեան մէջ կը նշուի, թէ Թուրքիոյ տարբեր ծագում ու քաղաքական հայեացքներ ունեցող քաղաքացիները պաշտպանած են իրենց ժողովրդավարութիւնը ընդդէմ յեղաշրջումի փորձին: «Միացեալ Նահանգներ կը վերահաստատեն Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան ու ժողովրդավարական հաստատութիւններու նկատմամբ իրենց յանձնառութիւնը, ինչպէս նաեւ կը ցաւակցին...

Եգիպտոսի Մէջ Երկու  Զբօսաշրջիկներ Սպաննուեցան

Եգիպտոսի Մէջ Երկու Զբօսաշրջիկներ Սպաննուեցան

Եգիպտոսի ներքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ երէկ Ֆարտաքայի մէջ զբօսաշրջիկներու դէմ դանակով յարձակումի մը պատճառով արձանագրուած է 6 վիրաւոր: «Մայատին» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով եգիպտական լրատուամիջոցներ, հաղորդեց, որ սպաննուած են ուքրանացի երկու զբօսաշրջիկներ: Եգիպտական «Ուաթան» օրաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ յանցագործը պանդոկ մուտք գործած է ծովուն ճամբով եւ յարձակած տարբեր ազգութիւններէ կիներու վրայ:

Չաւուշօղլու.«Թուրքիա Կը Մերժէ Քաթարին  Ներկայացուած Պահանջները, Մասնաւորաբար  Իր Զօրակայանին Վերաբերող Պահանջը»

Չաւուշօղլու.«Թուրքիա Կը Մերժէ Քաթարին Ներկայացուած Պահանջները, Մասնաւորաբար Իր Զօրակայանին Վերաբերող Պահանջը»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու իր քաթարցի պաշտօնակից Մոհամետ պըն Ապտել Ռահման Ալ Թանիի հետ Անգարայի մէջ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան մտադիր է մօտ օրէն այցելել Արաբական ծոց` զօրակցելու համար այդտեղի տագնապի լուծման ջանքերուն: Ան յոյս յայտնեց, որ տագնապը կարելի եղածին չափ շուտ լուծում մը գտնէ` փոխադարձ յարգանքի եւ հաւասարութեան ծիրին մէջ:...

«Քաթարի Հետ Յարաբերութիւններու  Խզումը Երկարատեւ Պիտի Ըլլայ»  Կ՛ըսէ Քըրքաշ

«Քաթարի Հետ Յարաբերութիւններու Խզումը Երկարատեւ Պիտի Ըլլայ» Կ՛ըսէ Քըրքաշ

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին յարաբերութիւններու հարցերով պետական նախարար Անուար Քըրքաշ ընկերային ցանցի վրայ շարք մը գրառումներ կատարելով յայտնեց. «Կ՛ուղղուինք (Քաթարի հետ) խզումի մը, որ երկարատեւ պիտի ըլլայ, եւ այդ է մեր դիմաց պարզուած պատկերին ամփոփումը: Ինչպէս Քաթար գերիշխանական որոշումի մասին կը խօսի, անոր հետ յարաբերութիւնները խզած չորս պետութիւնները եւս գերիշխանական միջոցառումներ կ՛որդեգրեն»: Ան յայտնեց, որ Քաթարի հետ յարաբերութիւնները խզած երկիրները...

Աքսայի Մզկիթի Փակին Մէջ  Հրացանաձգութիւն

Աքսայի Մզկիթի Փակին Մէջ Հրացանաձգութիւն

Երեք պաղեստինցիներ զոհուեցան եւ երկու իսրայէլացի ոստիկաններ սպաննուեցան, երբ Աքսայի մզկիթի Պապ Ասպաթ բաժինին մէջ հրացանաձգութիւն մը տեղի ունեցաւ: «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ զոհուած երեք պաղեստինցիներն ալ Ժենինի հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող Ըմ Ֆահըմ գիւղի բնակիչներ են: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ նաեւ հաղորդեցին, որ վիրաւորուած են երկու իսրայէլացի զինուորներ: Իսրայէլեան իշխանութիւնները անմիջապէս փակեցին Աքսայի մզկիթը եւ արգիլեցին այդտեղ ուրբաթ օրուան նամազը: Իսրայէլի...

Թրամփ Մաքրոնի Կողքին Ներկայ  Կը Գտնուի Ֆրանսայի Ազգային  Տօնին Առիթով Կատարուած Տողանցքին

Թրամփ Մաքրոնի Կողքին Ներկայ Կը Գտնուի Ֆրանսայի Ազգային Տօնին Առիթով Կատարուած Տողանցքին

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ ներկայ գտնուեցաւ Ֆրանսայի Ազգային տօնին առիթով Շանզ Էլիզէի մէջ աւանդական զինուորական տողանցքին, որուն ֆրանսական բանակէն զինուորներու կողքին մասնակցեցան ամերիկեան բանակէն զինուորներ: Միացեալ Նահանգներու Համաշխարհային Ա. պատերազմին միջամտելուն 100-ամեակին նուիրուած տողանցքին մասնակցեցան նաեւ ձիաւորներ, պատերազմական օդանաւեր եւ ուղղաթիռներ: Թրամփ լրագրողներուն յայտնեց.«Ասիկա ազգային հոյակապ տօնակատարութիւն մըն է»: «Մեր երկու ժողովուրդները յաւիտեանս իրարու կապուած են` յեղափոխութեան ոգիով...

Յորդանանի Թագաւորը Կը Դրուատէ Հարաւային  Սուրիոյ Մէջ Զինադադարի Հաստատման  Հարցով Փութինի Եւ Թրամփի Ջանքերը

Յորդանանի Թագաւորը Կը Դրուատէ Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Զինադադարի Հաստատման Հարցով Փութինի Եւ Թրամփի Ջանքերը

Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը դրուատեց հարաւային Սուրիոյ մէջ զինադադարի հաստատման հարցով Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ջանքերը: Նախքան այդ, Փութին Յորդանանի թագաւորին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած էր ահաբեկչութեան դէմ պայքարին եւ Սուրիոյ հարաւ-արեւելքին մէջ լարուածութեան մեղմացման գօտիի հաստատման հարցերը: Քրեմլին այդ առնչութեամբ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ երկու կողմերը քննարկած են Միջին Արեւելքի...

Ըստ «Սումարիյա Նիուզ»-ին.  Թելաֆըրի Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Ղեկավարութիւնը  «Խալիֆայութեան Պետութենէն»  Անկախութիւն Հռչակած Է

Ըստ «Սումարիյա Նիուզ»-ին. Թելաֆըրի Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Ղեկավարութիւնը «Խալիֆայութեան Պետութենէն» Անկախութիւն Հռչակած Է

Իրաքեան «Սումարիյա Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանը, վկայակոչելով Նինուէ նահանգէն աղբիւր մը, կը հաղորդէ, որ Թելաֆըր գաւառին մէջ ՏԱՀԵՇ-ի ղեկավարութիւնը գաւառը «Խալիֆայութեան պետութենէն անկախ նահանգ» հռչակած է: ՏԱՀԵՇ-ի տեղւոյն ղեկավարները այդ յայտարարութիւնը կատարած են ամփոփ հաղորդագրութեան մը մէջ եւ սպառնացած խստօրէն պատժել ցուցմունքներուն չենթարկուողները: Աղբիւրը նշած է, որ ՏԱՀԵՇ-ի Թելաֆըրի ղեկավարութիւնը սկսած է ջնջել ամէն ինչ որ «Նինուէի նահանգ» անուանումը կը կրէ:

Փարիզի Մէջ Թրամփ-Մաքրոն Հանդիպում.  Թրամփ. «Սուրիոյ Մէկ Նոր Շրջանին Մէջ  Զինադադարի Հաստատման  Շուրջ Աշխատանք Կը Տանինք»

Փարիզի Մէջ Թրամփ-Մաքրոն Հանդիպում. Թրամփ. «Սուրիոյ Մէկ Նոր Շրջանին Մէջ Զինադադարի Հաստատման Շուրջ Աշխատանք Կը Տանինք»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ այցելեց Փարիզ, ուր հանդիպում ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ: Մաքրոն հանդիպումէն ետք միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Փարիզ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի իշխանութենէն հեռացումը նախապայման չի նկատեր` աւելցնելով, որ իր երկիրն ու Միացեալ Նահանգները կ’աշխատին Սուրիոյ մէջ յետպատերազմեան փուլին համար քաղաքական լուծումներ գտնելու վրայ, իսկ ինք կ’ուզէ, որ յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին...

Ըստ Ամերիկեան Մամուլին.  Թիլըրսըն Իրեն Հետ Արաբական Ծոց Տարած Է  Առաջարկներ, Որոնք Կրնան  Լուծել Քաթարեան Ճգնաժամը

Ըստ Ամերիկեան Մամուլին. Թիլըրսըն Իրեն Հետ Արաբական Ծոց Տարած Է Առաջարկներ, Որոնք Կրնան Լուծել Քաթարեան Ճգնաժամը

Ամերիկեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն այս շաբաթ Քուէյթ, Սէուտական Արաբիա եւ Քաթար կատարած իր շրջապտոյտին ընթացքին ներկայացուցած է առաջարկներ, որոնք կրնան քաթարեան տագնապի լուծման առաջնորդել: Լրատուամիջոցները կը նշեն, որ թէեւ Թիլըրսընի մտածած լուծումը ամբողջական չէ, սակայն կրնայ դիւանագիտական լուծման մը հիմը դառնալ: Մամլոյ տեղեկութեանց համաձայն, այժմու շրջապտոյտը կրնայ շարունակուիլ բանակցութիւններու ճամբով, որոնց Միացեալ Նահանգներու...

«Քաթար Պէտք Է Ահաբեկչութեան Դէմ  Դաշինքին Եւ Հակառակորդ Կողմին  Միջեւ Ընտրանք Մը Կատարէ»  Կ՛ըսէ Պըն Զայետ

«Քաթար Պէտք Է Ահաբեկչութեան Դէմ Դաշինքին Եւ Հակառակորդ Կողմին Միջեւ Ընտրանք Մը Կատարէ» Կ՛ըսէ Պըն Զայետ

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար շէյխ Ապտալլա պըն Զայետ Ալ Նահիան յայտնեց, որ «Քաթար պէտք է անդամ ըլլայ ահաբեկչութեան դէմ դաշինքին, կամ ալ Աստուած հետը»: Ան Քաթարին կոչ ուղղեց իր ստորագրութեան ու գործին նկատմամբ վստահութիւնը բարելաւելու աւելի մեծ ջանք թափելու: «Տոհան Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ երկիրներուն հետ 1993-ին եւ 1994-ին ստորագրեց երկու համաձայնութիւններ եւ անոնց յանձնառու չեղաւ», ըսաւ պըն...

Մեծ Հրդեհ` Սուրիոյ Սահմանին Մօտ  Գտնուող Թրքական Ռազմակայանին Մէջ

Մեծ Հրդեհ` Սուրիոյ Սահմանին Մօտ Գտնուող Թրքական Ռազմակայանին Մէջ

Թուրքիոյ Քիլիս նահանգին մէջ գտնուող ռազմակայանի տարածքին ծագած է մեծ հրդեհ մը: Ըստ թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթի կայքին, տակաւին անյայտ պատճառներով բռնկած հրդեհին իբրեւ հետեւանք պայթած են ականներ: Դէպքի վայր հասած հրշէջները հինգ ժամուան ընթացքին հազիւ կրցած են վերահսկողութեան տակ առնել հրդեհը: Հեռացուած են ռազմակայանին մէջ գտնուող զինուորները: 10 զինուորներ փոխադրուած են հիւանդանոց:

Թուրքիա Կ՛աջակցի Քաթար-Միացեալ Նահանգներ  Փոխադարձ Հասկացողութեան Յուշագիրին

Թուրքիա Կ՛աջակցի Քաթար-Միացեալ Նահանգներ Փոխադարձ Հասկացողութեան Յուշագիրին

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու հետ ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման դէմ պայքարի համաձայնութիւն կնքելու Քաթարի քայլը ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու անոր վճռականութեան ցուցանիշն է: «Գիտեմ, որ Քաթար միշտ ալ մեզի հետ ահաբեկչութեան դէմ պայքարած է: Ասիկա ահաբեկչութեան դէմ իր պայքարին մէջ Քաթարի վճռականութեան ու անկեղծութեան ցուցանիշն է», ըսած է Չաւուշօղլու: Թրքական...

Եւրոպական Միութիւնը Յորդանանին  Պիտի Տրամադրէ 280 Միլիոն Եւրոյի Վարկ Մը

Եւրոպական Միութիւնը Յորդանանին Պիտի Տրամադրէ 280 Միլիոն Եւրոյի Վարկ Մը

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի յայտարարեց, որ միութիւնը համաձայն է Յորդանանին տրամադրելու 280 միլիոն եւրոյի վարկ մը, որ պիտի յատկացուի շրջանի ճգնաժամերուն ժխտական ազդեցութիւններու դարմանումին, մասնաւորաբար յորդանանեան պիւտճէին վրայ սուրիացի գաղթականներու բեռին մեղմացումին: Մոկերինի յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնն ու Յորդանանը հասարակաց շահեր ունին` աւելցնելով, որ Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Այման Սաֆատիի հետ իր հանդիպումին ընթացքին քննարկած է Սուրիոյ...

Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի Եւ Թուրքմենիստանի  Արտաքին Գործոց Նախարարները  Պիտի Հանդիպին Պաքուի Մէջ

Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի Եւ Թուրքմենիստանի Արտաքին Գործոց Նախարարները Պիտի Հանդիպին Պաքուի Մէջ

Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Թուրքմենիստանի արտաքին գործոց նախարարները 18-19 յուլիսին Պաքուի մէջ եռակողմանի հանդիպում պիտի ունենան: «Արմէնփրես»-ը վկայակոչելով ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ազրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Էրքան Էօզորալ: Հանդիպումի ընթացքին պիտի քննարկուին երկկողմանի եւ եռակողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր: Էօզորալ յայտնած է նաեւ, որ 18-19 յուլիսին Պաքուի մէջ տեղի պիտի ունենայ Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Վրաստանի...

Թուրքիա 200 Բեռնատար  Օդանաւ Ուղարկած Է Քաթար

Թուրքիա 200 Բեռնատար Օդանաւ Ուղարկած Է Քաթար

Թուրքիան դրացի երկիրներու կողմէ մեկուսացման ենթարկուած Քաթարին ուղարկած է 200 բեռնատար օդանաւ` աւելի քան 20 միլիոն տոլար արժողութեան տարաբնոյթ ապրանքով: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ տնտեսութեան նախարար Նիհաթ Զէյպեքճի: «Անգարա ոչ թէ նուէր կ՛ուղարկէ, այլ սովորական արտածում կը կատարէ, որովհետեւ այդ բոլոր ապրանքներուն համար արդէն վճարուած է», ըսած է նախարարը: Թուրքիոյ տնտեսութեան նախարարին համաձայն,...

Թուրք Զինուորներու  Նոր Խումբ Մը Հասած Է Քաթար

Թուրք Զինուորներու Նոր Խումբ Մը Հասած Է Քաթար

Թուրք զինուորներու նոր խումբ մը հասած է Քաթար: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը` վկայակոչելով թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը, որ կը նշէ, թէ այս մասին կ՛ըսուի Քաթարի զինեալ ուժերուն կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ: Քաթարի իշխանութիւնները չեն յստակացուցած, թէ այս անգամ քանի՛ զինուոր Թուրքիայէն Քաթար տեղափոխուած է: Նախապէս Թուրքիոյ զինեալ ուժերու սպայակոյտը յայտարարած էր, որ Քաթար գտնուող թրքական ռազմակայանին մէջ տեղակայուած են...

Թիլըրսըն Ժետտայէն Վերադարձաւ  Քուէյթ Եւ Այսօր Կ’այցելէ Տոհա

Թիլըրսըն Ժետտայէն Վերադարձաւ Քուէյթ Եւ Այսօր Կ’այցելէ Տոհա

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն 10 յուլիսին սկսած Արաբական ծոց իր շրջապտոյտին ընթացքին Քուէյթ եւ Քաթար այցելելէ ետք, երէկ նաեւ այցելեց Սէուտական Արաբիա, ուր հանդիպում ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին հետ` վերջինիս Ժետտայի պալատին մէջ: Հանդիպումին ընթացքին անոնք քննարկեցին երկկողմ յարաբերութիւններն ու գործակցութեան հեռանկարները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները: Ըստ սէուտական ՈՒԱՍ լրատու գործակալութեան, Թիլըրսըն հանդիպում...

Չինաստան Կը Բանայ Արտասահմանի Մէջ  Իր Առաջին Ռազմակայանը

«Թուրքիան Պիտի Հանգչի, Եթէ Եւրոպական Միութիւնը Մերժէ Անոր Անդամակցութեան Դիմումը» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց. «Թուրքիան պիտի հանգչի, եթէ Եւրոպական Միութիւնը որոշէ չընդունիլ անոր անդամակցութեան դիմումը»: «Թուրքիան կրնայ առանձին ոտքի կանգնիլ», նշեց ան: «Մենք մեր խօսքը կը յարգենք: Եթէ Եւրոպական Միութիւնը անկեղծօրէն մեզի ըսէ` «մենք չենք կրնար Թուրքիան ընդունիլ Եւրոպական Միութեան մէջ», ատիկա պիտի հանգստացնէ մեզ, եւ պիտի սկսինք մեր Բ. կամ Գ. ծրագիրը», նշեց ան` աւելցնելով. «Եւրոպական Միութիւնը...

Page 688 of 883 1 … 687 688 689 … 883

Արխիւներ