Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաթար Իրեն Հետ Յարաբերութիւնները Խզած Երկիրներուն Եռօրեայ Պայմանաժա՞մ Մը Ներկայացուցած Է

July 12, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քաթարի արտաքին գործոց նախարար Մուհամետ պըն Ապտելռահման Ալ Թանի Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ապտելլաթիֆ պըն Ռաշետ Զայաննիին յղեց նամակ մը, որ կը պարունակէ խորհուրդին մէջ մնալու պայմաններ:

Նամակին մէջ շէյխ Համատ կը նշէ, որ իր երկիրը յանձնառու կը մնայ միջազգային օրէնքներուն ու ուխտերուն, որոնց շարքին ահաբեկչութեան ու անոր ֆինանսաւորման դէմ պայքարին, իսկ արաբական չորս երկիրներուն պահանջածը կը հակասէ միջազգային օրէնքին եւ կը նկատուի ներքին գործերու միջամտութիւն մը, «որուն շուրջ կը մերժենք բանակցիլ»:

«Մենք պիտի չբանակցինք մեր գերիշխանութեան շուրջ եւ բացարձակապէս կը մերժենք որեւէ երկիրի` Քաթարին ու անոր ժողովուրդին վրայ տիրակալութիւնը, եւ բազմիցս կրկնեցինք, որ դուռը բաց է մարդասիրութեան եւ միջազգային օրէնքի հիմամբ երկխօսութեան դիմաց` ծոցի միասնականութեան եւ Ծոցի արաբական երկիրներու խորհուրդի միութեան պահպանման համար: Սակայն Քաթարի հետ յարաբերութիւնները խզած երկիրները խորհուրդը սխալ ուղղութիւններով կ՛օգտագործեն` տարածաշրջանին ու աշխարհին մէջ իրենց փառամոլութիւններուն համար, եւ ծոցի շրջանի երկիր մը սկսած է ինք որոշումներ տալ, փոխան ծոցի մնացեալ երկիրներուն», նշուած է նամակին մէջ:

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարը զգուշացուց, որ Տոհան դուրս պիտի գայ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդէն, եթէ քանի մը օրուան մէջ իր պայմանները չբաւարարուին` նշելով, որ Քաթար այս նամակի յղման թուականէն սկսեալ երեք օրուան պայմանաժամ մը կու տայ` շրջափակումը վերցնելու եւ Քաթարին կրած քաղաքական ու տնտեսական վնասներուն համար փոխհատուցում կատարելու համար:

«Այդ պայմանաժամի աւարտէն ետք, պաշտօնապէս պիտի յայտարարենք Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդէն մեր դուրս գալը եւ պիտի դադրինք յանձնառու ըլլալէ անոր նախկին ու ապագայ որոշումներուն», ընդգծեց քաթարեան դիւանագիտութեան պետը:

Երէկ երեկոյեան Մոսկուայի մէջ Քաթարի դեսպանատունը հերքեց, այն լուրերը, ըստ որոնց, Քաթար եռօրեայ պայմանաժամ մը ճշդած է եւ սպառնացած դուրս գալ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդէն` նշելով այդ լուրերը սուտ ու շինծու են, եւ Քաթարի արտաքին գործոց նախարարը այդպիսի նամակ մը չէ յղած կամ յայտարարութիւն մը չէ կատարած:

 

 

Նախորդը

ՏԱՀԵՇ Հաստատեց Պաղտատիի Մահուան Լուրը

Յաջորդը

Այսօր Ժետտայի Մէջ Հինգ Կողմանի Հանդիպում. Տոհա Եւ Ուաշինկթըն Ստորագրեցին Ահաբեկչութեան Ու Անոր Ֆինանսաւորման Դէմ Պայքարելու Փոխադարձ Հասկացողութեան Յուշագիր Մը

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.