Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այսօր Ժետտայի Մէջ Հինգ Կողմանի Հանդիպում. Տոհա Եւ Ուաշինկթըն Ստորագրեցին Ահաբեկչութեան Ու Անոր Ֆինանսաւորման Դէմ Պայքարելու Փոխադարձ Հասկացողութեան Յուշագիր Մը

July 12, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն երէկ Արաբական ծոց տուած իր շրջապտոյտի ծիրին մէջ այցելեց Քաթար:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թիլըրսըն Քուէյթէն Քաթար հասնելէն ետք յայտարարած է. «Մենք կը գտնուինք Տոհա` Ծոցի շրջանի տարակարծութեան մագլցումը կանխարգիլելու համար»` նշելով. «Քաթարի կեցուածքները յստակ ու ողջամիտ էին»:

«Ժազիրա» պատկերասփիւռի արբանեակային կայանը հաղորդեց, որ Տոհայի մէջ տեղի ունեցած է Քաթար-Քուէյթ-Միացեալ Նահանգներ եռակողմ հանդիպում մը` ներկայութեամբ Քաթարի Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի իշխանին:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած է քաթարեան տագնապի լուծման միջնորդական ջանքերը եւ տարածաշրջանի կայունութեան պահպանման հարցը:

«Ժազիրա» նշեց, որ եռակողմ հանդիպումը գումարուած է արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակի վրայ:

Աւելի ուշ Քաթարի արտաքին գործոց նախարարը իր ամերիկացի պաշտօնակիցին հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Քաթար ամերիկեան կողմին հետ ստորագրած է ահաբեկչութեան ու անոր ֆինանսաւորման դէմ պայքարելու փոխադարձ հասկացողութեան յուշագիր մը:

Ան նշեց, որ Քաթարի հետ յարաբերութիւնները խզած երկիրները զայն կ՛ամբաստանեն ահաբեկչութիւնը ֆինանսաւորելու մէջ, «իսկ այսօր Քաթարը առաջինն է, որ կը ստորագրէ ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման դէմ պայքարի գործնական ծրագիր մը, եւ պաշարող երկիրներուն կոչ կ՛ուղղէ` ապագային միանալու ատոր»:

Թիլըրսըն իր կարգին նշեց, որ Քաթարի հետ ստորագրուած փոխադարձ հասկացողութեան յուշագիրը կը վերաբերի ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման դադրեցման գործողութեան` նշելով. «Համաձայնութիւնը կ՛երաշխաւորէ, որ երկու երկիրները յանձն առնեն գործակցիլ եւ դադրեցնել ահաբեկչութեան ֆինանսաւորումը»:

Թիլըրսըն այսօր կ՛այցելէ Սէուտական Արաբիա: Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրի երէկ յայտարարեց, որ Քաթարի հետ յարաբերութիւնները խզած երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները այսօր Ժետտայի մէջ հանդիպում պիտի ունենան Թիլըրսընի հետ:

Նշենք, որ երկուշաբթի օր Քուէյթի մէջ գումարուած էր այլ եռակողմանի հանդիպում մը` մասնակցութեամբ Թիլըրսընի, անոր քուէյթցի պաշտօնակից Սապահ Խալետ Համատ Սուպահի եւ Բրիտանիոյ ազգային ապահովութեան խորհրդատու Մարք Սիտուելի: Աւարտին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ հանդիպումին մասնակիցները «խոր մտահոգութիւն» յայտնեցին «տարածաշրջանին մէջ ներկայ ճգնաժամի շարունակութեան նկատմամբ» եւ առնչակից կողմերուն կոչ ուղղեցին ճգնաժամը` աճապարելու հակակիշռի տակ առնելու եւ կարելի եղածին չափ շուտ երկխօսութեան ճամբով անոր լուծում մը գտնելու:

Ամերիկեան եւ բրիտանական կողմերը ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեցին քուէյթեան միջնորդութեան եւ Քուէյթի իշխան շէյխ Սուպահ Ահմատ Ժապեր Սուպահի տագնապը լուծելու ջանքերուն:

 

Նախորդը

Քաթար Իրեն Հետ Յարաբերութիւնները Խզած Երկիրներուն Եռօրեայ Պայմանաժա՞մ Մը Ներկայացուցած Է

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.