Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հանրապետական Ժողովուրդի Կուսակցութիւնը Պահանջագիր Ներկայացուցած Է Թուրքիոյ Իշխանութիւններուն

Յուլիս 11, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը «Արդարութեան քայլարշաւ»-ի աւարտին կազմակերպուած լայնածիր հանրահաւաքին ընթացքին 10 կէտերէ բաղկացած պահանջագիր մը ներկայացուցած է երկրի իշխանութիւններուն:

Թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքը կը գրէ, որ Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր ուժը համարուող Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան նախագահ Քեմալ Քըլըչտարօղլուն Պոլսոյ Մալթեփէ շրջանին մէջ կայացած հաւաքի ծիրին մէջ 2,5 միլիոն մասնակիցներուն առջեւ կարդացած ու մեկնաբանած է իրենց պահանջները, որոնք են.

1-Մենք կը դատապարտենք 15 յուլիս 2016-ի զինուորական յեղաշրջման փորձը, այդ օր մեր ժողովուրդին ցուցաբերած դիմադրութիւնը մեր երկիրի ժողովրդավարական յաղթանակն էր: Մենք համոզուած ենք, որ յեղաշրջման փորձի կազմակերպման համար մեղադրուող թուրք կրօնական քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենի «Հիզմեթ» շարժման քաղաքական թեւի բացայայտման հոլովոյթը արգելափակուած է, եւ կը պահանջենք զայն բացայայտել:

2-Նոյն տարուան 20 յուլիսին արտակարգ դրութեան սահմանումով տեղի ունեցաւ երկրորդ` իշխանութիւններու կողմէ կատարուած յեղաշրջումը: Մենք ատոր կ՛ըսենք «պալատական յեղաշրջում»: Կը պահանջենք անյապաղ վերցնել արտակարգ դրութիւնը:

3-Արտակարգ դրութեան պատճառով իրենց իրաւունքներէն զրկուած բոլոր վնաս ունեցողներուն իրաւունքները պէտք է վերականգնուին:

5-Յուլիս 15-ի յեղաշրջման փորձին հետ ոչ մէկ առնչութիւն ունեցող, սակայն իրենց ընդդիմադիր հայեացքներուն համար բազմաթիւ գիտնականներ եւ պետական աշխատողներ պէտք է վերադառնան իրենց աշխատատեղերը, իսկ կալանաւորուած երեսփոխանները պէտք է ազատ արձակուին:

6-Միայն իրենց մասնագիտական պարտականութիւնները կատարելու համար ձերբակալուած ու բանտարկուած լրագրողները պէտք է անյապաղ ազատ արձակուին:

7-Արտակարգ դրութեան ընթացքին կատարուած սահմանադրական փոփոխութիւններուն վերաբերեալ հանրաքուէն անօրինական է, որովհետեւ նախընտրական քարոզչութիւնը կատարուած է խօսքի ազատութեան եւ ազատ բանավէճի արգելակման պայմաններու մէջ:

8-Խորհրդարանին վրայ եղած որեւէ ճնշում պէտք է վերցուի, երկրին մէջ պէտք է իշխէ օրէնքի գերակայութիւնը:

9-Պէտք է միասնական կամք դրսեւորումի եւ յստակ գործողութիւններու ձեռնարկուի ո՛չ միայն արդարադատութեան, այլ նաեւ հասարակական տարբեր ոլորտներու մէջ գոյութիւն ունեցող անարդարութիւնները վերցնելու` ահաբեկչութեան, անգործութեան, ուժի կիրարկման պէս շարք մը խնդիրներու յաղթահարման համար:

10-Արդարութիւնը պէտք է ըլլայ իշխանութիւններուն ո՛չ միայն ներքին, այլ նաեւ արտաքին քաղաքականութեան հիմքը:

Էրտողան` մեկնաբանելով բազմամարդ հանրահաւաքն ու ընդդիմութեան պահանջները, յայտարարած է, որ ատոնք արդարութեան հետ որեւէ կապ չունին, եւ յիշեցուցած է Հանրապետական ժողովուրդ կուսակցութեան` իշխող կուսակցութիւն եղած տարիներուն Թուրքիոյ մէջ տեղի ուեցած անարդարութիւնները:

«Միայն լաչակ կրելու համար թուրք կին երեսփոխանը խորհրդարանէն դուրս շպրտող ու քաղաքացիութենէն զրկողը դուք չէի՞ք: Ու ասոնք հիմա արդարութիւն կը պահանջեն», ըսած է Էրտողան:

Յիշեցնենք, որ օր մը առաջ Թուրքիոյ մէջ աւարտած է Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան կազմակերպած «Արդարութեան քայլարշաւ»-ը` ընդդէմ նախագահ Էրտողանի բռնական քաղաքականութեան: Ընդդիմադիր կուսակցութեան նախագահ Քեմալ Քըլըչտարօղլուն իր կուսակիցներուն հետ շուրջ մէկ ամիս քալած է աւելի քան 450 քմ եւ երթը աւարտած է Պոլսոյ Մալթեփէ շրջանին մէջ, ուր զայն դիմաւորած են միլիոնաւոր աջակիցներ:

Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան նախաձեռնած ու Անգարայէն Պոլիս երկարող «Արդարութեան քայլարշաւ»-ը տեւած է աւելի քան 25 օր:

Քայլարշաւով երկիրի գլխաւոր ընդդիմադիր ուժ համարուող Հանրապետական ժողովրավարական կուսակցութեան անդամները իրենց բողոքը կ՛արտայայտեն երեսփոխան Էսին Պերպերօղուի կալանաւորման դէմ: Իշխանութիւնները զայն կը մեղադրեն պետական գաղտնիքներ բացայայտելու եւ հրապարակելու համար եւ զայն դատապարտած են 25 տարուան բանտարկութեան:

 

 

Նախորդը

Աւստրիական Իշխանութիւնները Թուրքիոյ Տնտեսութեան Նախարարին Արգիլած Են Աւստրիա Այցելել

Յաջորդը

Էրտողան Եւ Թիլըրսըն Արաբական Ծոցի Երկիրներ Պիտի Այցելեն

RelatedPosts

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են`  Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են` Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»

Յուլիս 12, 2025
Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը,  Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»
Միջազգային

Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը, Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»

Յուլիս 12, 2025
ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ  Խորհրդանշական Արարողութեամբ  Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել
Միջազգային

ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ Խորհրդանշական Արարողութեամբ Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?